Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սոչի Ուղարկուած Թրքական Տրովադայի Ձին

August 8, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՛ըսէ արցախեան հակամարտութեան մասին: Պարզ է սակայն, որ  քննարկումներ եղած են Ուքրանիոյ պատերազմին հետ առնչուած եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան` ո՛չ միայն հրադադարի, այլ նաեւ հացահատկիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնի հետ կապուած խնդիրներուն եւ արցախեան վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:

Մեծ օրակարգը երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նոր թափ հաղորդելն է: Թուրքիան տնտեսական տագնապի եւ աննախընթաց սղաճի պայմաններուն մէջ, իսկ Ռուսիան` մեկուսացման եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ենթակայ. շահերու բուն համընկնումը այս գիծին վրայ է, որմէ կը բխին նաեւ անվտանգային հարցեր:

Պէտք չէ բացառել սակայն այն վարկածը, որ այս համագործակցութեան խորացումը ամերիկեան թոյլտուութիւն ունի. այսինքն` կը վերահսկուի Ուաշինկթընի կողմէ, եւ Անգարան ինքնուրոյն չի կրնար ստանձնել միջնորդի դեր Ուքրանիոյ պատերազմին, աշխարհը հարուածած տնտեսական տագնապի լուծման, կամ` Մոսկուայի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը հակակշռողի դեր: Այլ խօսքով` Թուրքիան ստանձնած է Տրովադայի ձիու կարգավիճակ ռուսական դաշտին մէջ ` համագործակցութեան խորացման տեսքով: Ի վերջոյ Անգարան ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ուժը համարուող պետութիւն է եւ ռազմավարական գիծերը հատելու եւ չհատելու կանոնները ստիպուած է յարգել:

Մեկուսացուող Ռուսիոյ Թուրքիայէն յաւելեալ կախեալութիւն գրանցող Սոչին կարելի է ուրեմն դիտարկել նաեւ այս տրամաբանութեան մէջ: Այս տրամաբանութիւնը կրնայ ուրուագծել Ռուսիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութենէ տնտեսապէս կախեալ ըլլալու իրականութեան հաւանականութեան մասին: Փաստօրէն, ամէնէն ուշագրաւ համաձայնութիւնը տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէսն է, որ նախատեսած է յատկապէս ռուսական ուժանիւթի արտահանման համար թրքական շուկայի տրամադրումը, տարանցիկութիւնն ու դրամատնային համապատասխան հաշիւներու բացումը. այլ խօսքով` Ռուսիոյ տնտեսական ապաշրջափակման համար կարեւոր ելքեր տրամադրելը:

Այս բոլոր առաջնահերթութիւններէն ետք նոյն տրամաբանութեամբ փորձենք դիտարկել մեր տարածաշրջանին հետ կապուած երկու պետութիւններու յաւելեալ մերձեցման հաւանական հետեւանքները:

Այս խորացող համագործակցութիւնը միայն տնտեսական բնոյթ չի կրեր անշուշտ. անվտանգութեան խնդիրներ` Հարաւային Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ, օրակարգային կէտեր եղած են Սոչիի մէջ ամենայն հաւանականութեամբ:

Պահենք վերը նշուած քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ շարունակենք Անգարան ընկալել Ուաշիկնթընի կողմէ ուղարկուած Տրովադայի ձիու կարգավիճակով: Պարզ է, որ Անգարան այս բոլորին դիմաց կ՛ակնկալէ Հարաւային Կովկաս զինուորական յաւելեալ թափանցումը: Աղտամի մէջ թրքական դիտորդական-խաղաղապահական ստորաբաժանումը շատ սահմանափակ է Անգարայի ախորժակներուն համեմատ:

Ուրեմն. պէտք է աւելի դիւրաբեկել արցախեան շփման գիծերուն վրայ հաստատուած հրադադարը, դիմել ռազմական գործողութիւններու եւ փաստել, որ ռուսական խաղաղապահութիւնը առանձինը ի զօրու չէ յարգելու հրադադարը: Անհրաժեշտ է ձեւաչափի փոփոխութիւն: Այս անհրաժեշտութիւնը դուռ կը բանայ ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ուժին հարաւային Կովկաս զինուորապէս թափանցելու: Մոսկուան մեծ գործարքներու հաշուոյն կրնայ զիջիլ այս պահանջին դիմաց իր ռազմավարական գործընկերոջ, որուն հետ Սոչիի մէջ գծած է համատեղ ճանապարհային քարտէս:

Այս հանգամանքները նկատի պէտք է ունենար Հայաստանի վարչապետը, նախքան խաղաղապահ առաքելութեան ձեւաչափի միջազգային փոփոխութեան կամ յաւելեալ լիազօրութիւններու մասին ակնարկ կատարելը: Աւելի ակնկալելի էր, որ այդ ակնարկը կատարուէր Պաքուէն` Անգարան ներգրաւելու առաջադրանքով:

Ներկայ իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Տրովադայի ձին թրքական զօրախումբերու տեսքով կրնայ մտնել Հարաւային Կովկաս, թէկուզ` խաղաղապահ միացեալ առաքելութիւն իրականացնելու առաջադրանքով:

«Ա.»

Նախորդը

Թշնամիի Կրակոցէն Պարտադիր Ժամկէտային Զինուոր Վիրաւորուած Է

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Անլուրջ Կը Նկատէ Կալանաւորներու Փոխանակման Առաջարկին Մոսկուայի Պատասխանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.