Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Մէջ Լրջութիւն Շօշափած Ենք, Եւ Ամերիկացի Միջնորդը Երկու Շաբաթ Ետք Պիտի Վերադառնայ Պէյրութ»

Օգոստոս 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ լրջութիւն շօշափած են:

Ան հաստատեց, որ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երկու շաբաթ ետք պիտի վերադառնայ Պէյրութ` իրեն հետ ունենալով յստակ առաջարկ մը, «բայց եւ այնպէս լուծումներուն մասին բոլոր առաջարկները քննարկուած են արդէն», նշեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանի իշխանութեան պետերը ամերիկացիներուն յայտնած են, որ Լիբանան կը պնդէ ծովային սահմանագծում կատարելու կարեւորութիւնը` իբրեւ պարտադիր անցք մը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի լուծում:

Պըրրի հաստատեց, որ ամերիկացի բանագնացը խոստացած է վերջնական ու յստակ պատասխաններով վերադառնալ երկու շաբաթ ետք:

Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Հոքշթայնի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատած են, որ Լիբանան Կանայի նաւթահորն ու թիւ 23 սահմանագիծը ամբողջութեամբ կը փափաքի ունենալ:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, լիբանանցի պատասխանատուները Հոքշթայնին յայտնած են, որ եթէ յաւելեալ ժամանակի կարիք ունին բաներ յստակացնելու, ապա թող արտօնեն «Թոթալ» ընկերութեան, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ պեղումներու սկսի, այնպէս ինչպէս Իսրայէլ կատարած է:

«Լիբանանեան կողմը ամերիկացի բանագնացէն պահանջեց արտօնել «Թոթալ»-ին, որ անմիջապէս համաձայնութեան սկսի: Միւս կողմէ, Հոքշթայն հարցուցած էր լիբանանեան կողմին, որ համաձայնութիւն չգոյանալու պարագային անոնք կրնան երաշխաւորել, թէ Իսրայէլի պիտի չդպչին, եւ ստացած էր պատասխան մը, որ կարելի չէ նման բան երաշխաւորել», նշած է «Ժատիտ»:

Հոքշթայն Լաւատես Է Սահմանագծումի Հարցով Յաւելեալ Յառաջդիմութիւն Արձանագրելու Կարելիութեամբ

Էյմըս Հոքշթայն Լիբանանի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք լաւատես է սահմանագծումի հարցով յաւելեալ յառաջդիմութիւն արձանագրելու կարելիութեամբ: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային վերադառնայ շրջան եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները հասցնէ արդիւնքի:

Հոքշթայն նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումը դրական է, սակայն կայ այլ կողմ մը, որուն հետ նաեւ պէտք է խորհրդակցի` բանակցութիւնները շարունակելու ծիրին մէջ:

Ան ընդգծեց, որ անցնող շաբաթներուն ընթացքին բանակցող զոյգ կողմերուն մօտ պատրաստակամութիւն եղած է բանակցութիւնները լուրջ տեղ առաջնորդելու եւ արդիւնքներու յանգելու: «Արձանագրուած բացը կրցած ենք նեղցնել եւ կարգ մը յառաջդիմութիւններ արձանագրած ենք, կը մնայ, որ այդ յառաջդիմութիւնը շարունակուի, մինչեւ վերջնական լուծում», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի կողմէ ուղղուած սպառնալիքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հոքշթայն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ շատ յստակ էին իրենց կեցուածքին մէջ, երբ ընդգծեցին, թէ երկարատեւ այս տագնապին միակ լուծումը բանակցութիւններու միջոցով եւ դիւանագիտութեան ընդմէջէն պիտի իրականացուի:

Հոքշթայն հաստատեց, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին Քարիշի նաւթահորը հսկայ աշխատանք վկայած է առանց խոչընդոտներու` աւելցնելով, որ պէտք է կեդրոնանալ այն իրականութեան վրայ, որ ինչպէս կարելի է արտօնել Իսրայէլին` շարունակելու իր աշխատանքը, նոյնպէս ալ պէտք է արտօնել Լիբանանին` սկսելու իր աշխատանքը եւ մուտք գործելու ուժանիւթի շուկայ:

Հոքշթայն ընդգծեց, որ ինք քաջատեղեակ է Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրական ծովուն շուրջ քաղաքական հարցերու մնայուն գոյութենէն, «սակայն համոզուած եմ, որ կարելի է յանգիլ արդիւնքի, եւ պէտք է բանակցութիւնները աւարտենք, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութիւն մը գոյացնել», շեշտեց ան:

Իսրայէլեան «Ուալա» կայքին համաձայն, Հոքշթայն երկուշաբթի ուշ գիշերին հասած է Թել Աւիւ, ուր ան գաղտնի հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլացի պատասխանատուներու հետ` Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծում կատարելու բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, Հոքշթայն Լիբանանի մէջ ունեցած իր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները քննարկած է իսրայէլեան բանակցող խորհուրդին եւ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի հետ:

Իսրայէլեան կողմին հետ խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած, իսկ Հոքշթայն վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ:

«Ուալա» կայքին համաձայն, Հոքշթայնի անմիջական եւ գաղտնի այցելութիւնը կը հաստատէ, որ ծովային սահմանագծումը իրականացնելու միտումներն ու ջանքերը լուրջ են:

Պու Սաապ. «Կազի Եւ Կայունութեան Միջազգային Կարիքը Լիբանանին Տրուած Առիթ Մըն Է, Եթէ Կորսնցնենք Զայն` Ոճիր Գործած Կ՛ըլլանք»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի իրագործումը Լիբանանի համար ոսկեայ առիթ է, «եւ եթէ կատարուի, ապա մենք յաղթանակ արձանագրած կ՛ըլլանք: Սահմանագծումը այսօր պէտք է կատարուի` վաղուընէ առաջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր օրուան ուշացում Լիբանանի համար վնաս է: Մենք կը գտնուինք մեր բնական հարստութիւնը օգտագործելու պատմական առիթի դիմաց, մենք կարիքը ունինք կազի», ըսաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց, որ նախագահ Աուն զինք նշանակած է զբաղելու սահմանագծումի հարցով` աւելցնելով սակայն, որ ինք այդ թղթածրարին մանրամասնութիւններուն մասին միշտ  տեղեակ պահած է Պըրրին ու Միքաթին, եւ միշտ համակարգած է կարծիքները: «Այս է բանակցութիւններուն հզօր կերպով ներկայանալու ազդակը», ըսաւ ան` նշելով նաեւ, որ կարողացած են կասեցնել տեղեկութիւններ սպրդեցնելու փորձերը:

Պու Սաապ շեշտեց, որ ներկայիս կազի եւ կայունութեան միջազգային կարիք կայ, եւ այդ կարիքը Լիբանանին տրուած առիթ մըն է, որ պէտք չէ կորսնցնենք: «Եթէ կորսնցնենք այդ առիթը` ոճիր գործած կ՛ըլլանք», ըսաւ ան:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը համախոհ են ծովային սահմանագծումին առումով` աւելցնելով, որ թիւ 29 սահմանագիծը բանակցային գիծ չէ, այլ` Լիբանանին տրամադրուած ընտրանքներէն մէկը, որուն կարելի է դիմել, եթէ համաձայնութեան մը չյանգինք:

Նախորդը

«Լիբանան Պիտի Իրականացնէ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը` Անկախ Միջազգային Խորհուրդներուն Կեցուածքներէն» Շեշտեց Շարաֆէտտին

Յաջորդը

«Զանգեզուրի Միջանցքին Գործարկումը Պիտի Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ամրապնդման» Կ՛ըսէ Պայրամով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?