Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Բ. Տարելիցի Նշում` Ցորենի Շտեմարանի Սիւներուն Փուլ Գալուն Զուգահեռ

August 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցը նշուեցաւ լիբանանեան տարբեր կազմակերպութիւններու, յատկապէս նահատակներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն կողմէ:

Ընդհանուր սուգի մթնոլորտին մէջ, երբ երկրին պետական հաստատութիւններուն վերեւ լիբանանեան դրօշները կիսակայմ ծածանեցան, մեծ թիւով երիտասարդներ եւ լիբանանցիներ 4 օգոստոսին Պէյրութի Արդարութեան պալատէն ուղղուեցան խորհրդարան, ապա անոնք հաւաքուեցան «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան դիմաց եւ աւելի ուշ ուղղուեցան Արտերկրի լիբանանցին խորհրդանշող արձանին կողմը եւ նաւահանգիստին դիմաց կատարեցին յիշատակի համախմբում մը:

Խորհրդարանին դիմաց հաւաքուած բազմութիւնը, որ սպիտակ հագած էր, եւ անոր հագուստին վրայ նահատակներուն արիւնը խորհրդանշող կարմիր հետքեր կային, կը կրէր նաեւ դագաղներ. անոնք խորհրդարանի մուտքերէն մէկուն կողմը շպրտեցին դագաղներ ու պայթուցիկներ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ապահովութեան ուժերը ձայնային ռումբերով ցրուեն ցուցարարները:

Նահատակներուն արիւնը խորհրդանշող լիբանանեան հսկայ դրօշ մը, ինչպէս նաեւ նահատակներուն անուններն ու անոնց ընտանիքներուն երդումը կրող այլ դրօշ մը կրող ցուցարարները հասան նաւահանգիստ, ուր հաստատեցին, որ իրենք հանդիպումներ ունեցած են 61 երկիրներու դեսպաններուն հետ եւ կը պահանջեն միջազգային հետաքննութիւն բանալ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին հարցով:

Հաւաքին ընթացքին նահատակներուն ընտանիքները պահանջեցին ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ ոճրագործներուն հաշուետուութիւնն ու պատիժը:

Նահատակներուն ընտանիքները իրենց խօսքը ուղղելով յանցագործները պաշտպանողներուն շեշտեցին, որ այդ արարքով անոնք մեղսակցած կ՛ըլլան ոճիրին, որովհետեւ խանգարած կ՛ըլլան արդարութեան բանեցումը:

Նաւահանգիստին դիմաց համախմբուած ժողովուրդը վկայեց ցորենի շտեմարանին հիւսիսային երեք հիմնասիւներուն փուլ գալը այն պահուն, երբ ան կը յիշէր պայթումն ու նահատակները:

Ներկաներուն հակազդեցութիւնը այդ էր, թէ ցորենի շտեմարանին փուլ գալը կազմակերպուած է, եւ անկարելի է այդ մէկը զուգադիպութիւն նկատել:

Նշենք, որ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցին մուտքին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` 4 օգոստոսի հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ պայթումին պատճառով ինկած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած:

«Օթել Տիէօ» հիւանդանոցի տնօրէն Նեսիպ Նասըր յայտնեց, որ հիւանդանոցը կը խոստանայ ամէն տարի 4 օգոստոսին շտապ օգնութեան բաժանմունքին դիմաց հսկում մը կազմակերպել:

Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին առիթով արձանագրուեցան մեծ թիւով անդրադարձներ, որոնք դատապարտեցին դէպքը եւ արդարութեան պարտադրումն ու ճշմարտութեան բացայայտումը նկատեցին անհրաժեշտ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին առիթով հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ արդարութեան գործադրութեան` ընդգծելով, որ բոլորը օրէնքին ենթակայ են: «Թող հաշուետուութեան ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք մեղսակցած են այդ պայթումին: Ոչ ոք օրէնքէ վեր է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը կիսէ նահատակներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն վիշտը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ 4 օգոստոսի նահատակները Լիբանանի նահատակներն են: «Անոնք նահատակներն են այն ոճիրին, որ իւրաքանչիւր լիբանանցիի խորերը հարուածեց», նշեց ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ արդարութեան հասցնող եւ ճշմարտութիւնը բացայայտող ճամբան օրէնքի եւ սահմանադրութեան գործադրութեամբ կարելի է անցնիլ:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընկերային ցանցերուն մէջ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ 4 օգոստոսը Լիբանանի պատմութեան մէջ տխուր օր մըն է, որուն մութ ու սեւ իրավիճակը պիտի շարունակէ մնալ տիրական` նախքան ճշմարտութեան բացայայտումը: «Արդարութեան կշիռին սլաքը կարելի պիտի չըլլայ ուղղել առանց յանցագործները դատելու եւ անմեղները անպարտ հռչակելու: Լիբանան յարութիւն պիտի չառնէ, եթէ արդարութիւնը չիրականանայ», նշեց Միքաթի:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս առիթով յայտնեց, որ Պէյրութի վէրքերը պիտի չբուժուին, բացի երբ խոչընդոտումի եւ պետութեան դէմ հզօրանալու «շտեմարաններ»-ը փուլ գան:

Ան հաստատեց, որ իրենք միշտ պիտի յիշեն եւ Պէյրութի համար արդարութիւն պիտի պահանջեն:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախագահեց 4 օգոստոսի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պահանջուածը այն է, թէ հետաքննութեան պատասխանատու դատաւորը վերստանձնէ իր պարտականութիւնը` մինչեւ ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումը: Ան վերահաստատեց, որ իրենք առաջին օրէն իսկ միջազգային հետաքննութիւն պահանջած են` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ 4 օգոստոս 2020-ը Պէյրութի պատմութեան մէջ պիտի մնայ ցաւալի էջ մը: Ան դատական իշխանութիւններէն պահանջեց հեռանալ քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ արագացնել ճշմարտութեան բացայայտումը:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ, իր խօսքը ուղղելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն ընտանիքներուն, հաստատեց, որ իրաւունքը պիտի չմեռնի, ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի, եւ ոճրագործները կախաղան պիտի բարձրանան:

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը այս առիթով խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ Պէյրութի նաւահանգիստը պայթեցնող յանցագործները տակաւին կը մնան ազատութեան մէջ, իսկ Պէյրութի բնակիչները կը շարունակեն տառապիլ: «Երկու տարիէ ի վեր դատական իշխանութիւնները չեն կրցած բացայայտել պայթումին ճշմարտութիւնը, որովհետեւ քաղաքական ճնշումները կ՛արգելակեն անոնց աշխատանքը եւ կ՛արգիլեն արդարութեան պարտադրումը: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր պատասխանատուներուն դուրս գալու իրենց անձնասիրութենէն եւ բացայայտելու ճշմարտութիւնը», շեշտեց Աուտէ եպիսկոպոս:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այս առիթով յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը առկախուած է, որովհետեւ հետաքննիչ դատաւորը կը մերժէ լքել թղթածրարը: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը Հըզպալլայի դէմ քաղաքական շահագործումի ենթարկուած է: «Նահատակներուն ընտանիքները պէտք է այդ թղթածրարը քաղաքականացնող կողմերը հաշուետուութեան կանչեն», ըսաւ ան:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի հաստատեց, որ Լիբանան միշտ պիտի յիշէ 4 օգոստոսը: Ան կոչ ուղղեց նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարի պատասխանատուներուն` զայն զերծ կացուցելու ամէն տեսակի քաղաքական բախումներէ եւ տարակարծութիւններէ: «Կոչ կ՛ուղղեմ դատական իշխանութիւններուն արագացնելու իրենց պարտականութիւնը, որպէսզի պատժեն յանցագործը եւ անպարտ հռչակեն անմեղը», ըսաւ Խուրի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին առիթով ողջունեց նահատակները եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն ու տուժածներուն: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ընդգծեց ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ արդարութիւն բանեցնելու կարեւորութիւնը` առանց յապաղումի, միջամտութեան եւ խոչընդոտներու:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Բ. տարելիցին առիթով Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Հըզպալլա կառչած կը մնայ արդար, թափանցիկ եւ պարկեշտ հետաքննութեան իր պահանջին: «Հետաքննութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ իրաւական կանոններու վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ողջունեց բոլոր վիրաւորները, որոնք յաղթահարեցին իրենց ցաւերը եւ շարունակեցին կեանքը: «Մենք առաքելութիւնը շարունակելու մեր կամքն ու կորովը անոնցմէ կը ստանանք` մաղթելով, որ մեր մայրաքաղաքը մօտիկ ապագային իր փայլքն ու կշիռը կը վերստանայ», հաստատեց ան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ արդարութիւնը պարտադրուի` աւելցնելով, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանը փուլ գայ կամ վերանայ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն` ընդգծելով, որ պայթումին պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ երկիր մը կարելի չէ վերակառուցել եւ ժողովուրդ մը կարելի չէ վերակենդանացնել առանց արդարութեան, «իսկ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ ճշմարտութիւնը», հաստատեց Կրիօ:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ընկերային ցանցերուն մէջ տեղադրեց ցորենի շտեմարանին սիւները խորհրդանշող նկար մը, որուն վրայ արձանագրեց. «4 օգոստոսը` ամէնէն տգեղ օրը: Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է արդարութեան»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սփիթերին Պարգեւատրեց Մայրիներու «Մեծ Սպայ» Աստիճանի Շքանշանով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Դատապարտեց Պաքուի Գործողութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.