Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ազգային Փարոսի Վերականգնեցումին Համար (Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Բ. Տարելիցին Առիթով)

Օգոստոս 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Բ. տարելիցին մեծ հարցականները կը յամենան: Առաջինը անշուշտ բարոյական-զգացական ուղղութիւն ունի եւ ուղղակի կը վերաբերի զոհերուն, անոնց յիշատակին, անոնց ընտանիքներու անմխիթար վիճակին: Բարոյական ուղղութիւնը բնականաբար սերտօրէն կ՛առնչուի երկրորդին` իրաւականին: Իսկ իրաւականը արդէն չի վերաբերիր միայն զոհերու յիշատակին եւ անոնց ընտանիքներու պահանջներուն, այլ շեշտակիօրէն ունի հասարակական հնչեղութիւն:

Ժողովուրդը կը սպասէ գործուած աղէտին արդարադատութիւնը, պատասխանատուներու ճշդումը, հարցին իրաւական լուծումը:

Կայ անշուշտ քաղաքական ուղղութիւնը: Կառավարութիւնը շրջանցելով ուղղակի ժողովուրդին օժանդակութիւններ հասցնող պետութիւնները չեն նախաձեռներ նաւահանգիստի վերանորոգութեան եւ վերականգնման ծրագիրներու:

Պարզ է, որ ծով ու նաւահանգիստ ունեցող երկիրներու տնտեսութեան կարեւոր հատուածը կը վերաբերի ծովային ապրանքաշրջանառութեան եւ բեռնափոխադրութեան:

Պէյրութի պայթած նաւահանգիստը 2 տարուան ընթացքին ո՛չ միայն դարձած է աւերուած հաստատութեան մը զբօսավայր, այլ նաեւ կը գտնուի յարակից շտեմարաններու փլուզումի սպառնալիքին տակ: Մէկ առ մէկ փուլ կու գան շտեմարանային բաժանմունքները` ամբողջական փլուզումի տանելով Միջին Արեւելքի երբեմնի առաջնակարգ նաւահանգիստի համալիրը:

Նաւահանգիստի վերաշինութիւնը ելակէտ կրնայ հանդիսանալ երկրի տնտեսութեան վերականգնման: Այս առումով սակայն ի սպառ կը բացակայի ներլիբանանեան կամքը:

Համակողմանի համոզում է գուցէ, որ տնտեսութեան վերականգնման ազդանշանը պիտի գայ դուրսէն, արտալիբանանեան կեդրոններէ, եւ այդ պարագային է միայն, որ պիտի սկսին բանիլ եկամտաբեր եւ տնտեսակերտ բաղադրիչ հաստատութիւնները:

Վերանորոգումներն ու վերագործարկման համար շինարարական ներդրումները ունին իրենց քաղաքական գինը: Եթէ վճարուի այդ գինը, եթէ սպասարկուի պահանջուածը, այդ պարագային կը վխտան ներդրում կատարելու պատրաստ ընկերութիւնները: Անոնց կը հետեւի այլ երկընտրանք: Այդ ընկերութիւնները բնականաբար միայն վերաշինութեամբ հետաքրքրուած չեն, այլ հիմնականին մէջ յանձանձումով: Արդէն երկիրը կը դրուի պետականապատկան հաստատութիւններու կիսասեփականաշնորհման երկընտրանքին առջեւ: Այս մօտեցումը միայն նաւահանգիստին չի վերաբերիր բնականաբար:

Ֆինանսական պաշարումի ենթարկուած Լիբանանը բոլոր ժամանակներէն աւելի պէտք ունի իր նաւահանգիստի լիարժէք գործարկումին: Այդ գործարկումի պահանջի քաղաքական արձագանգները կը շարունակուին: Երկու շաբաթ առաջ, Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը իր հրապարակած ուղերձին մէջ կոչ կ՛ուղղէր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին գծով վճիռ արձակելու` նշելով, որ Ֆրանսա տարբեր մարզերու մէջ իր ներդրումները պիտի շարունակէ եւ նպաստէ Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու միտուած աշխատանքներուն:

Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին վճիռը հրապարակելու պահանջէն անմիջապէս ետք դեսպանը կը խօսէր նախագահական ընտրութեան մասին եւ կը շեշտէր, որ իր երկիրը թեկնածու չունի, սակայն կ՛ակնկալէ, որ ընտրուելիք նախագահը վայելէ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը եւ կարենայ վերականգնել պետական հաստատութիւնները:

Ահա միջազգային ընտանիքին բանաձեւը` ընտրել նախագահ մը, որ ընկալելի ըլլայ միջազգային ընտանիքին կողմէ, որ իր հերթին եւ այդ պարագային կը սատարէ պետական հաստատութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն: Այս բոլորէն առաջ կը պահանջուի բացայայտել նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուները:

Պարզ է ուղերձը: Միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վայելող նախագահի ընտրութենէն ետք միջազգային կառոյցները կը սկսին աջակցիլ պետական հաստատութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն, ընդ որում` Պէյրութի նաւահանգիստին: Մինչ այդ, ո՛չ միայն չի ձեռնարկուիր նաւահանգիստի վերաշինութեան, այլ նաեւ փուլ կու գան շտեմարանային բաժանմունքները` թէկուզ աւելի խորացնելով արդէն իսկ հարուածուած տնտեսութեան տագնապը:

Քաղաքականութիւնն ու խորհրդաբանութիւնը հեռու են իրարմէ: Այսուհանդերձ յիշելը, որ նաւահանգիստը փարոս ունի, անտեղի պիտի չըլլար: Փարոսը ուղեցոյց է նաւահանգիստի ամբողջ գործունէութեան, եւ այդ շարքին` փոթորիկներէ եւ ալեկոծումներէ անցնող նաւերուն ուղղորդման հիմնական կողմնացոյց:

Ամէն բանէ առաջ ազգային փարոսի վերականգնման կամք պէտք է դրսեւորեն լիբանանեան կողմերը: Միայն համախոհութեան եւ համալիբանանեան համաձայնական սկզբունքին վրայ վերականգնեցուած փարոսն է, որ կրնայ դառնալ ուղեցոյց նաւահանգիստի վերաշինութեան, առագաստներու դէպի ճիշդ ուղղութիւն բացման եւ նաւավարներու համոզիչ ընտրութեան:

Այս հանգամանքներով է միայն, որ Պէյրութի նաւահանգիստը, իբրեւ Միջերկրականի առաջնակարգերէն մէկը, կրնայ վերստանձնել իր երբեմնի գործառոյթները եւ հիմնովին նպաստել երկրի քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման աշխատանքներուն:

Նախորդը

Յ. Բագրատունիի Գրառումը` Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Բ. Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ը Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Քիեւին` Վստահեցուցած Են Կազմակերպութեան Ղեկավարները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?