Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ճնշամիջոցներ` 6-րդ Կէտի Իրականացման Համար

Օգոստոս 6, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի շուրջ արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ:

6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելբաջարի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը` մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի` այդ երթուղին պաշտպանելու համար:

«Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:

Խնդիրը հիմնականին մէջ այս կէտին վերջին բաժինին մէջ  կը կայանայ: Նոր երթուղիի նախագիծին շուրջ «կողմերուն համաձայնութեամբ»-ը թէականութիւն ստեղծած է: Փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կը յայտարարէր, որ այս պահու դրութեամբ համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի: Թէ` յամենայն դէպս Հայաստանը որեւէ ծրագիրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ազրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:

Պաշտօնական այս յայտարարութիւնը ըստ էութեան կը հակասէր վարչապետի մամլոյ ասուլիսին հնչած Բերձորն ու Աղաւնոն բնակչութենէ պարպելու յորդորին` առ ի գործադրութիւն նոր երթուղիի կամ աւելի ուղղակի Լաչինի միջանցքի փակման գործողութեան:

Տրամաբանութիւնը կ՛ընթանայ ճանապարհ-ճանապարհի դիմաց բանաձեւով: Կրնայ եղածը համազօր նկատուիլ միջանցքի կամ երկու պարագաներուն արտատարածքային կարգավիճակով միջանցքներու գործարկումի վերացումին: Իսկ միջանցքի գաղափարի շրջանցումը կամ Լաչինի այլընտրանքի վրայ կեդրոնացումը աւելի շեշտուեցաւ Թեհրանի եռակողմ հանդիպումէն ետք, երբ պարզ դարձաւ, որ Թեհրանը չի հանդուրժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր ունեցած սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն:

Խորքին մէջ ռուսական վերահսկողութեամբ Լաչինի միջանցքի փակման ճնշամիջոցներն են, որ տեղի կ՛ունենան: Նոյն կարգավիճակը պիտի չունենայ այլընտրանքային երթուղին: Այսինքն` ըստ էութեան միջանցք-միջանցքի դիմաց ազրպէյճանական բանաձեւը չէ աշխատած, հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախ ճանապարհին դիմաց Ազրպէյճան – Նախիջեւան ճանապարհ այլընտրանքն է, որուն իրականացման համար ճնշամիջոցներ կը գործադրէ Պաքուն:

Հիմա կը գոյանայ այլ հիմնական հարց: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հարուած կը հասցուի այս ձեւով, երբ ազրպէյճանական ծրագիրի շտապողականութիւնը ապահովելու համար կը դիմուի ռազմական գործողութիւններու: Որմէ բնական մեկնաբանութիւնը: Եթէ ազրպէյճանական կողմը կը խախտէ հրադադարը, այդ կը նշանակէ, որ կը խախտէ 9 նոյեմբերի համաձայնութիւնը: Համաձայնութիւնը նախ հրադադարի հաստատում է, որ այսպիսով խախտուած կ՛ըլլայ. այդ կը նշանակէ, որ ինքնաբերաբար  բոլոր կէտերն ու ենթակէտերը եւս ուժի մէջ մնալու իրաւականութիւնը չեն պահեր:

Սկզբունքով Մոսկուայի շահերէն չի բխիր իր միջնորդութեամբ եւ իր երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւններու խախտումը: Այդ դուռ կը բանայ ստեղծուած գոյավիճակի հաւանական փոփոխութիւններուն եւ արդէն իսկ հակամարտութեան լուծման ու ապաշրջափակման գործողութիւններուն օժանդակելու պատրաստ Միացեալ Նահանգներուն կամ միջնորդական առաքելութիւն շարունակող Եւրոպական Միութեան:

Միաժամանակ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ մեծ հաշուով ռուս-թրքական համաձայնութեամբ կայացած այս համաձայնութիւնը զինուորական գործողութիւններով խախտելու Պաքուի նախաձեռնութիւնը անպայման Անգարայի հետ համաձայնեցուած էր: Մանաւանդ երբ մեծ հաշուով տեսնենք, թէ ճանապարհ-ճանապարհի դիմացով ո՛չ միայն Նախիջեւանն է Ազրպէյճանին միացողն այլ նաեւ  Թուրքիան:

Քանի մը հետեւութիւն ուրեմն. նախ Պաքուն ռազմական գործողութիւններով կը փորձէ արագացնել Լաչինի այլընտրանքը եւ հայկական կողմին յիշեցնել, որ իրեն վերապահուած հատուածի ճանապարհաշինութեան աշխատանքներուն ձեռնարկէ անմիջապէս:

Պաքուն իր կարգին, կը շահագործուի Անգարայի կողմէ Մոսկուային ուղերձ փոխանցելու, որ գոյավիճակի փոփոխութիւնը Արեւմուտքի թափանցումն է հարաւային Կովկաս, ուրեմն Մոսկուան խիստ կարիքը ունի Անգարային այդ թափանցումը արգելակելու համար: Այս խիստ կարիքը իր գինը ունի աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:

Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա օգտակար պիտի չնկատենք Երեւանի յուշումը, թէ կարելի է քննարկել անվտանգութեան պահպանման միջազգային գործիքակազմեր ապահովելու կամ ռուսական խաղաղապահութեան միջազգային յաւելեալ լիազօրութիւններ ապահովելու:

Միջազգային գործիքակազմի ապահովման դիմումի նախադրեալները կը միտին ռուս-թրքական յաւելեալ մերձեցումի, որմէ միայն կը տուժէ հայկական կողմը:

Իսկ ներկայ պայմաններուն մէջ Մոսկուայի յստակացումը, թէ խաղաղապահ առաքելութեան ձեւաչափի փոփոխութեան որեւէ պաշտօնական դիմում չէ եղած Երեւանի կողմէ, պէտք է ընկալել նման դիմում չպաշտօնականացնելու յորդորով:

«Ա.»

Նախորդը

Բերձորի Եւ Աղաւնոյի Բնակիչներուն Մինչեւ 25 Օգոստոս Ժամանակ Տրուած Է Բնակավայրերէն Դուրս Գալու Համար

Յաջորդը

Խումբ Մը Ցուցարարներ Ներխուժած Են Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատուն Եւ Վար Առած Դրօշը

RelatedPosts

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան.  Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է  Համաձայնութիւն Գոյացնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Յունիս 16, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին  Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն  Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է

Յունիս 16, 2025
Պաշտօնական Երեւանը Դատապարտած Է  Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաշտօնական Երեւանը Դատապարտած Է Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումը

Յունիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?