Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու

Օգոստոս 6, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի, Հնդկաստանի, Դանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ:

Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ յայտնեց. «Ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական արարքներու այս նորագոյն ալիքը կացութիւնը ապակայունացնելու յստակ փորձ մըն է: Ազրպէյճանական վարմունքին անմիջական նպատակներէն մէկը Արցախը Հայաստանէն մեկուսացնելն է»:

«Դժբախտաբար, 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին միջազգային ընտանիքին աչք ծակող լռութենէն ետք, այսօր միայն կը տեսնենք սակաւաթիւ եւ թոյլ յայտարարութիւններ, որոնք կը հետեւին յանցագործն ու անոր զոհը նոյն նժարին վրայ դնող եւ այդպիսով Ազրպէյճանին իր ցեղային մաքրագործման քաղաքականութիւնը շարունակելու կանաչ լոյս տուող յայտարարութիւններ:

«Արցախի ժողովուրդը, անոր իր պապենական հողին վրայ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը պէտք չէ զոհաբերուի կազի մատակարարումներու բազմազանացման ու անվտանգութեան բագինին վրայ: Ազրպէյճանական փտած վարչակարգը վստահելի գործընկեր մը չէ:

«Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` շտապ ու ուժեղ կերպով խօսելու եւ գործելու, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնելէ անդին երթալու եւ կասեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վտանգաւոր յարձակումը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովին յղած իր նամակին մէջ նաեւ նշեց. «Այս յարձակողական վարմունքին անմիջական նպատակներէն մէկը Արցախը Հայաստանէն մեկուսացնելն է, սակայն նաեւ լուրջ վնաս հասցնելը ո՛չ միայն ռուսական խաղաղապահ ուժերու հաւաստիութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս Ռուսիոյ` իբրեւ անվտանգութեան հաւաստի երաշխաւոր»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յառաջիկայ օրերուն նոյնպէս Արցախի մէջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ պիտի յղէ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած այլ դեսպաններու:

Նախորդը

Փաշինեան Եւ Պլինքըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Քննարկուած Է Սահմանային Վիճակը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ Եւ Քննարկումներ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?