Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Նախագահ Աուն Նամակ Մը Կը Յղէ Քաթարի Իշխանին, Այսօր Դրամատուները Կը Մնան Փակ

Օգոստոս 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին հիմնասիւները կը շարունակեն մխալ եւ իրենց փուլ գալու անխուսափելիութիւնը փաստող յստակ ճեղքերով յայտնուիլ հանրութեան, Դրամատուներու միութիւնը երէկ գիշեր որոշեց այսօր` երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2022-ի գործադուլը կատարել, իսկ չորեքշաբթի օրուան գործադուլը` ջնջել:

Երեկոյեան տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար հասած են Տոհա, ուր անոնք Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին յանձնած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած նամակը:

Կը նախատեսուի, որ Մքերի եւ Նասսար այսօր վերադառնան Պէյրութ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին առումով քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը յայտնեց, որ Ծոցի երկրի մը պատուիրակը այցելած է Հըզպալլայի պատասխանատուներուն` իրեն հետ ունենալով նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ Իսրայէլ Լիբանանի բոլոր պահանջներուն համաձայն գտնուած է, եւ թէ ան չի փափաքիր պատերազմիլ, սակայն կը խնդրէ յաւելեալ ժամանակ ընծայել իրեն` կատարելու համար խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Նոյն օրաթերթին մէջ կը նշուի, որ արաբ պատուիրակը հաստատած է, որ Իսրայէլի կողմէ տրուելիք որեւէ որոշում, որ ընտրութիւններէն առաջ է, պիտի նպաստէ նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վերընտրութեան, եւ այդ պարագային Իսրայէլ ոչինչ պիտի զիջի, եւ պատերազմի հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ:

«Ռայ»-ի համաձայն, արաբ պատուիրակին տրուած Հըզպալլայի պատասխանը հատու էր այն իմաստով, որ Իսրայէլի ընտրութիւնները Հըզպալլան չեն հետաքրքրեր, յաջորդ վարչապետին ինքնութիւնը Հըզպալլան չի հետաքրքրեր եւ ոչինչ կը փոխէ անոր զգուշացումէն, ինչպէս նաեւ իր սպառնալիքները գործադրելու վճռականութենէն:

Նշենք նաեւ, որ Քարիշի նաւթահորը հորատելու եւ նաւթ ու կազ արտահանելու արտօնագիր ունեցող «Էնըրճիյըն» ընկերութիւնը հաստատած է, որ իր աշխատանքը չէ յետաձգուած, այլ ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ նոյն իրականութիւնը կը վերաբերի նաեւ Քարիշի հարթակին:

«Էնըրճիյըն» ընկերութեան այս հաստատումը կը հերքէ իսրայէլացի պատասխանատուներուն վերագրուող այն յայտարարութիւնը, թէ Քարիշի նաւթահորը հորատելու աշխատանքը պիտի առկախէ:

Նախորդը

Նախագահական Պալատը Կը Հերքէ Չորս Հազար Անհատի Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Մասին Լուրերը

Յաջորդը

Պլինքըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?