Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:
«Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ տեղի ունեցող բուռն բախումներու մասին հաղորդագրութիւններով եւ ուշադիր կը հետեւին մարտերու, ինչպէս նաեւ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Փրայս նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ «կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութեան նուազեցման եւ մագլցումի կանխարգիլման համար»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
«Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են երկկողմանի համագործակցութեան` համախոհ գործընկերներու հետ եւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան եւ օգնելու հասնիլ տագնապի երկարատեւ քաղաքական լուծման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Քրեմլին. «Ուշադիր Կը Հետեւինք, Մտահոգ Ենք Սրումով, Կողմերուն Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղենք, Ամէնէն Կարեւորը` Պահպանելու Եռակողմ Փաստաթուղթերուն Բոլոր Կէտերը»
Քրեմլին մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան սրումով, կը հետեւի ատոր զարգացման եւ կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէ: Այս մասին հինգշաբթի լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Իրօք, մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք, բնականաբար մտահոգուած ենք կացութեան սրումով, կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու, ամէնէն կարեւորը` պահպանելու յայտնի եռակողմ փաստաթուղթերուն բոլոր կէտերը», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին:
Փեսքով նաեւ լրագրողներուն խնդրանքով, անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հինգշաբթի օր կառավարութեան նիստին ընթացքին կատարած յայտարարութեան, թէ այս օրերուն տեղի ունեցող եւ ասկէ առաջ տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններ համակարգային բնոյթի հարցականներ ի յայտ կը բերեն Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեան առնչութեամբ:
Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիան տարբեր մակարդակներով Հայաստանի հետ սերտ հաղորդակցութեան կարելիութիւն պիտի տայ` յստակացնելու այն հարցումները, զորս Երեւանը ունի ռուս խաղաղապահներու աշխատանքին վերաբերեալ:
«Կան եռակողմ փաստաթուղթեր, որոնք հիմնական ելակէտն են: Գլխաւորը այն է, որ բոլոր այն պարտաւորութիւնները, որոնք կողմերը ստանձնած են այս փաստաթուղթերու ծիրին մէջ, կատարուին: Եթէ կան հարցումներ, ապա, ի հարկէ, անոնց պէտք է պատասխանել: Միեւնոյն ժամանակ, սերտ հաղորդակցութիւնները, զորս մենք տարբեր մակարդակներով ունինք հայկական կողմին հետ, պիտի արտօնեն պարզաբանել եղած հարցումները», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցումին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմփենի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանած է լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ՞ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի լիազօրութեան վերաբերեալ առանձին յուշագիր ստորագրելու հարցին մէջ, եւ մէջբերած է Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը:
«Ինծի համար դժուար է այս հարցումին պատասխանել, որովհետեւ մենք չենք տեսած յստակ առաջարկներ, զորս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կ՛ուզէ քննարկման դնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործողութեան ծիրին մէջ: Ուստի, չեմ կրնար գուշակութիւններ ընել: Ռուսիան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կողմերէն իւրաքանչիւրը, ի հարկէ, իրաւասու է հանդէս գալու յաւելեալ նախաձեռնութիւններով, սակայն առայժմ մենք որեւէ առաջարկ չենք տեսած»:
Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի թելեկրամեան ալիքը կը հաղորդէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօր. Վոլքով հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հասարակական-քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ եւ ներկայացուցած տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ խաղաղապահ զօրախումբի դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած կատարուած աշխատանքներուն մասին:
Ան վստահեցուցած է, որ Ռուսիան պիտի ձեռնարկէ բոլոր քայլերուն` կացութեան հետագայ սրումը կանխարգիլելու համար:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի օր տեղեկագիր հրապարակած է Արցախի մէջ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ` չորեքշաբթի օրուան դրութեամբ:
«Վերջին 24 ժամուան ընթացքին ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Սարիպապա եւ Պուզտուխ բարձունքներու, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ զինադադարի 4 խախտում արձանագրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, այդ պատճառով ալ զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ կազմաւորումներու 2 ներկայացուցիչներ եւ վիրաւորուած են 14 ուրիշներ: Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ համագործակցութեամբ այդ միջադէպերը լուծած է: Շփման գիծին վրայ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մաքրոն Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Տիրող Կացութիւնը
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն շրջանին մէջ տիրող լարուածութեան նկատմամբ, նշած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու շարունակման կարեւորութիւնը եւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերու կատարումը:
Մաքրոն ըսած է, որ Ֆրանսան պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան շարունակման: Այս մասին կը հաղորդէ Ալիեւի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ալիեւ նշած է «Ազրպէյճանի տարածքէն» Հայաստանի զինեալ ուժերու եւ հայկական «անօրինական զօրամիաւորումներու» տարրերու դուրսբերումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ըստ Ալիեւի, հայկական կողմը ատիկա տակաւին չէ ապահոված, ինչ որ իր կարգին Երեւանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կէտերու խախտում է:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ, եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն համաձայն, որոշուած է Լաչինի միջանցքին այլընտրանքային նոր ճամբու երթուղին, եւ ազրպէյճանական կողմը կ՛աւարտէ այս ճամբու շինարարութիւնը: Աշխատանքներու աւարտին, 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, կը նախատեսուի այդ ճամբուն վրայ վերաբաշխել ռուսական խաղաղապահ ուժերը:
Միշել Աշխուժ Քննարկումներ Կը Կատարէ Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, որոնց պատճառով կողմերը կորուստներ կրած են:
«Եուրոնիուզ»-ի համաձայն, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել խնդիրը աշխուժօրէն կը քննարկէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
«Անոր խումբը եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը վերջին օրերուն սերտօրէն կը հաղորդակցին երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ եւ կը յորդորեն անյապաղ մեղմացնել կացութիւնն ու յառաջընթացի հասնիլ սեղանի վրայ դրուած բոլոր օրակարգային հարցերուն մէջ», աղբիւրին հաղորդումով` այս մասին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի բանբերը:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մտահոգուած Է Եւ Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճի մասին հաղորդագրութիւններով եւ կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:
«Ընդհանուր քարտուղարը մտահոգութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ լարուածութեան մասին վերջին հաղորդագրութիւններուն: Մենք հիմա չենք կրնար ստուգել այդ տուեալները», ըսած է Տիւժարիք` աւելցնելով. «Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ բոլոր գոյութիւն ունեցող խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով»:
ՕԹԱՆ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Եւ Վերադառնալու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»
ՕԹԱՆ-ը կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու ազրպէյճանական եւ հայկական ուժերուն միջեւ զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով օգնական Խաւիեր Քոլոմինա:
«ՕԹԱՆ-ը կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու ազրպէյճանական եւ հայկական ուժերուն միջեւ զինուորական գործողութիւնները: Մենք խորապէս կը ցաւինք մարդկային կորուստներուն համար եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք թուլացնելու լարուածութիւնն ու բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու: ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման», գրած է Քոլոմինա:
ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար. «Հակամարտող Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Զերծ Մնալու Ուժի Կիրարկումէն Եւ Օգտագործել Բացառապէս Դիւանագիտական Մեթոտներ»
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն նկատմամբ, որոնք յանգեցուցած են զոհերու: Այս մասին կը նշուի ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի յայտարարութեան մէջ:
«ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհերու յանգեցուցած զինեալ բախումներուն մասին տեղեկութիւններով: Իմ խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Հակամարտող կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն եւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար օգտագործելու բացառապէս դիւանագիտական մեթոտներ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: