Գլխաւոր լուրեր

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը Կը Շարունակէ Մնալ Մտահոգիչ Հարց

Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարը Կը Շարունակէ Մնալ Մտահոգիչ Հարց

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ հարց մը, որուն շուրջ խորհրդակցութիւններն ու հետապնդումները կը կատարուին բծախնդրօրէն: Այս շրջագիծին մէջ, կը նախատեսուի, որ շաբաթավերջին իշխանութեան երեք պետերը ունենան հանդիպում մը: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հզօր եւ միացեալ կեցուածքով է, որ կը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Քափուչինեան Միաբանութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Քափուչինեան Միաբանութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Եղիա Թաշճեան, Քափուչինեան միաբանութեան լիբանանցի անդամներ հայր Լէոնար Մըլքիի եւ հայր Թումա Սալեհի երանացման առիթով երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պաապտեթի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան «Սեն Անթուան տը Փատու» վանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քափուչինեան միաբանութեան ընդհանուր պետ հայր Ապտալլա Նուֆէյլիի հետ: Պատուիրակութիւնը...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակի Հատորին Ներկայացումը Եւ Լիբանանահայ Մտաւորականներու Հանդիպումը Անթիլիասի Մէջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գահակալութեան 25-ամեակի Հատորին Ներկայացումը Եւ Լիբանանահայ Մտաւորականներու Հանդիպումը Անթիլիասի Մէջ

Երկուշաբթի, 6 յունիս 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը, «Սփիւռքի տարուան» հռչակման կարեւորութիւնը եւ վեհափառ հայրապետի Տէր Զօր պատմական այցելութիւնը: Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող հարցերու քննարկման...

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Խորհրդարանը Ընտրեց Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու ընտրութեան նիստին, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ: Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս, Ղասսան Հասպանի, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին` Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն Լիբանան պիտի հասնի կիրակի, 12 կամ երկուշաբթի, 13 յունիսին: Խորհրդարանական յանձնախումբերուն ընտրութեան մասին Պըրրի շեշտեց,...

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը` Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ

«Դիմադրութեան» Շարժման Երթը` Դէպի Եւրոպական Միութեան Գրասենեակ

Ֆրանսայի հրապարակէն երէկ` երեքշաբթի, 7 յունիս 2022-ին սկիզբ առաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Դիմադրութիւն» շարժման երթը: Երթի կանգառը Եւրոպական Միութեան գրասենեակն էր, ուր փաստերով ներկայացուեցան այն բոլոր բռնութիւնները, որոնք այս օրերուն տեղի ունեցած են «Դիմադրութեան» շարժումի հանրահաւաքներու եւ երթերու մասնակիցներուն դէմ: Շարժման մասնակիցները Եւրոպական Միութեան դեսպանէն կը պահանջեն պատշաճ գնահատական տալ ոստիկանութեան ապօրինութիւններուն եւ բռնութիւններուն: Անոնց ձեռքերուն մէջ կային անգլերէն...

Խօսելով Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Մասին`  «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Յառաջընթացին Տարբեր Միջոցներով Աջակցելու, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

Խօսելով Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Մասին` «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Են Յառաջընթացին Տարբեր Միջոցներով Աջակցելու, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ» Կ՛ըսէ Սալիվըն

Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի եւ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հանդիպումի աւարտին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ կողմերը, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները: «Սալիվըն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը հարաւային կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գործին մէջ: Ան բարձր գնահատած...

«Միացեալ Նահանգներ Երբեք Շահագրգռուած Չեն Եղած Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծումով»  Կ՛ըսէ Նուրկալիեւ

«Միացեալ Նահանգներ Երբեք Շահագրգռուած Չեն Եղած Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծումով» Կ՛ըսէ Նուրկալիեւ

Միացեալ Նահանգներ երբեք շահագրգռուած չեն եղած ղարաբաղեան տագնապին լուծումով, ամերիկացիներուն ձեռնտու էր անընդհատ լարուածութեան օճախ պահպանելը` թուլացնելով շրջանի երկիրները: «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ռաշիտ Նուրկալիեւ: «Այս տագնապը կը հասուննայ շատոնց` տակաւին խորհրդային ժամանակներէն: Եւ ան շատ ձեռնտու էր Ուաշինկթընին` իբրեւ լարուածութիւն ստեղծելու պատրուակ: Արեւմուտքը չէր պատրաստուէր լուծել այս շրջանի խնդիրները»,...

Ակնարկ.  Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Ակնարկ. Ծովային Սահմանազատումն ու Նախապայմանները

Իսրայէլ երէկ նոր իրավիճակ ստեղծեց Լիբանանի ուղղութեամբ: Կատարուածը ոտնձգութիւն է այն առումով, որ նախքան ծովային սահմանազատում կատարելը, Իսրայէլ վիճելի տարածքներ իրը նկատելով կը ձեռնարկէ հորատման աշխատանքներու: Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը պարզ է. վիճելի շրջանին մէջ իսրայէլեան որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն, սադրանք եւ թշնամական արարք է Լիբանանի նկատմամբ: Ընդծովեայ ուժանիւթի շահագործման հանգոյցը միջազգային ընտանիքի արծարծած հիմնահարցերէն մէկն է: Նախապայմանային քաղաքականութեան մէկ կարեւոր...

«Դիմադրութեան» Շարժման Հանրահաւաքը Եւ Երթը Դէպի Ընդհանուր Դատախազութիւն

«Դիմադրութեան» Շարժման Հանրահաւաքը Եւ Երթը Դէպի Ընդհանուր Դատախազութիւն

Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 6 յունիսին սկսաւ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը: Ելոյթներ ունեցան «Համախմբում» նախաձեռնութեան անդամ Մենուա Սողոմոնեան, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, ընդդիմադիր պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան եւ Հայկ Մամիջանեան: Ընթերցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երէկ տարածած յայտարարութենէն հատուած մը. «Ազրպէյճանի պետութեան կազմին մէջ յայտնուելու պարագային Արցախին կը սպասէ արագ հայաթափում, արցախահայութեան` հայրենազրկում, ցեղասպանութիւն: Արցախը ոչ մէկ կարգավիճակով  կրնայ մաս...

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա.   «Ազրպէյճանի Պետութեան Կազմին Մէջ Յայտնուելու Պարագային Արցախին Կը Սպասէ Արագ Հայաթափում»

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա. «Ազրպէյճանի Պետութեան Կազմին Մէջ Յայտնուելու Պարագային Արցախին Կը Սպասէ Արագ Հայաթափում»

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան հրապարակած է յայտարարութիւն մը` մտահոգութիւն յայտնելով վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Ըլլալով ապաքաղաքական կառոյց, որուն կանոնադրական խնդիրը գիտութեան զարգացումն է, ակադեմիան, սակայն, չի կրնար անհաղորդ մնալ մեր...

ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւններու Ղեկավարները Միտքեր Փոխանակած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Շրջանակին Մէջ Արցախի Տագնապի Լուծման Շուրջ

ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւններու Ղեկավարները Միտքեր Փոխանակած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Շրջանակին Մէջ Արցախի Տագնապի Լուծման Շուրջ

Երեւանը հիւրընկալած է ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի մասնակիցները` ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի պետական Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ստանիսլաւ Զաս, որ նշած է , որ խորհուրդի նիստը կարելիութիւն կու տայ մշակել որոշումներ ու զարգացնել յարաբերութիւնները երկիրներու միջեւ: «Վեհաժողովը թոյլ կու տայ ներդաշնակեցնել օրէնսդրութիւնները, մշակել բնորդային օրէնքներ: Երբ կը...

Բանակը Շարաուինայի Մէջ Գրաւեց  Եփրայերէն Արձանագրութիւն Կրող Նռնակներ

Բանակը Շարաուինայի Մէջ Գրաւեց Եփրայերէն Արձանագրութիւն Կրող Նռնակներ

Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ իր խուզարկութիւններն ու հետապնդումները` ձերբակալելու համար յանցագործ Ալի Զաայթերը, որ ծանօթ է «Ապու Սալլէ» կեղծանունով: Այս շրջագիծին մէջ բանակը ընկերային ցանցերու իր հաշիւին ընդմէջէն հրապարակեց Շարաուինայի մէջ իր գրաւած զէնքն ու զինամթերքը բացայայտող լուսանկարներ: Լուսանկարներուն մէջ էին Զաայթեր ընտանիքին պատկանող մեծ թիւով գնդացիրներ ու զինամթերք, ինչպէս նաեւ «Լաունչըր» նռնականետի յատուկ նռնակներ, որոնք...

Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Հարցով  Պրիւքսել Մոսկուայի Հետ Կապ Չէ Հաստատած

Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններուն Հարցով Պրիւքսել Մոսկուայի Հետ Կապ Չէ Հաստատած

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Պրիւքսել իր քայլերը չէ համադրած Ռուսիոյ հետ, միտք ալ չունի այդ ընելու: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը` անանուն մնալու պայմանով: Աւելի՛ն, եւրոպացի դիւանագէտը ըսաւ, թէ այժմ թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն կը զգուշանան Քրեմլինէն` նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները: «Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան ու Ռուսիոյ...

Ռուսիոյ Կառավարութիւն. «Հայաստանը, Ազրպէյճանը  Եւ Ռուսիան Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները  Հարաւային Կովկասի Մէջ Սահմանային,  Մաքսային Հսկողութեան Հարցերու Շուրջ»

Ռուսիոյ Կառավարութիւն. «Հայաստանը, Ազրպէյճանը Եւ Ռուսիան Մօտեցուցած Են Դիրքորոշումները Հարաւային Կովկասի Մէջ Սահմանային, Մաքսային Հսկողութեան Հարցերու Շուրջ»

Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետները Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքային խումբի նիստի ծիրին մէջ քննարկած են եւ մօտեցուցած են դիրքորոշումները սահմանային, մաքսային եւ այլ տեսակի հսկողութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներէն ճամբաներով եւ երկաթուղիով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժի շուրջ: «3 յունիս 2022-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է եռակողմ աշխատանքային խումբի 10-րդ հանդիպումը` Ազրպէյճանի փոխվարչապետ...

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Վիճելի  Շրջաններուն Մէջ Խախտումներ  Կատարելու Իսրայէլեան Փորձեր

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ Ծովային Վիճելի Շրջաններուն Մէջ Խախտումներ Կատարելու Իսրայէլեան Փորձեր

Յստակ է, որ Իսրայէլ կը պատրաստուի ոտնձգութիւն գործելու Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ` նկատի ունենալով, որ ան տակաւին վիճելի շրջան նկատուող լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթ ու կազ պեղելու բացայայտ փորձեր կը կատարէ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որուն հետ քննարկեց «Էներճիյըն փաուըր» նաւուն մուտքը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճելի շրջան նկատուող...

Քափուչինեան Միաբանութեան Վանականներ  Լէոնար Մըլքի Եւ Թումա Սալեհ Երանացան

Քափուչինեան Միաբանութեան Վանականներ Լէոնար Մըլքի Եւ Թումա Սալեհ Երանացան

Երանելիներու շարքին կը դասուին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ Լէոնար Մըլքին եւ Թումա Սալեհը. լիբանանցի երկու վանականները սպաննուած են Թուրքիոյ մէջ 1915-1917 թուականներուն` «ի ատելութիւն հաւատքի»: Հայր Լէոնար Մըլքին, նախքան մահապատիժը, մէկ շաբաթ ծեծի ենթարկուած է եւ խոշտանգուած: Շաբաթ, 4 յունիսին, Լիբանանի լատին եկեղեցւոյ Քափուչինեան միաբանութեան  վանականներուն կողմէ նշուեցաւ լիբանանցի քահանաներ Լէոնար Մըլքիի եւ Թումա Սալեհի երանացումի արարողութիւնը` Տէյր Սալիպի մէջ: Երանացման...

Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ  Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան

Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան

Քանատահայ նահանգային խորհրդարանի անդամ,  Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան 2 յունիսին տեղի ունեցած Նահանգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերնըտրուեցաւ Սքարպորօ-Աճընթքորթի շրջանէն: 68-ամեայ Պապիկեան Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յաղթական երեկոյթի ժամանակ ըսաւ, որ հաւատարիմ է իր կուսակցութեան խոստումներուն` վերակառուցելու Սքարպորօ Հելթ Նեթուըրքի «Պիրչմաունթ» հիւանդանոցը եւ ընդլայնելու Շեփըրտ Սապուէյը: Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով Պապիկեան յաղթեց` ստանալով ընտրողներու ձայներուն 49,1-ը: Երեսփոխան Պապիկեանին պաշտօնապէս շնորհաւորեցին...

Քաղաքացիական Պայմանագիրը Տապալեց  Արցախի Հարցով Գումարելի  Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստը.  Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ  Ուժ Կիրարկեց Ցուցարարներուն Դէմ

Քաղաքացիական Պայմանագիրը Տապալեց Արցախի Հարցով Գումարելի Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստը. Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ Ուժ Կիրարկեց Ցուցարարներուն Դէմ

Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ինչպէս նախատեսուած էր, երէկ տեղի ունեցաւ  «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը: «Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը մերժեց քննարկել երկրին համար  կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերը», Ֆրանսայի հրապարակին վրայ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան: «Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, դեռ 4 ժամ Ազգային ժողովի նիստը բաց է, եւ 4 ժամ դեռ հնարաւորութիւն կայ, որպէսզի իրենք խելքի գան...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արթուր  Թովմասեան Կ՛ընդգծէ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դերը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արթուր Թովմասեան Կ՛ընդգծէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դերը

3 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները, յանձնախումբերու նախագահներն ու աշխատակազմի պատասխանատուները: Զեկուցած է Լիբանան եւ Կիպրոս կատարած այցելութեան արդիւնքներուն մասին: Անդրադառնալով այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն` Թովմասեան զանոնք որակած է իր ղեկավարած պատուիրակութիւններու այցելութիւններուն ամէնէն յաջողը: Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատած է լիբանանահայ եւ կիպրահայ համայնքներու հայապահպանման եւ արցախանպաստ գործունէութիւնը, եւ...

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հարցը` շեշտելով անոր ժողովրդավարական եւ սահմանադրական կարեւորութիւնն ու ներկայ փուլին Լիբանանի ժողովուրդին նոր յոյս ներշնչելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցաւ այն իրողութիւնը, որ նորընտիր խորհրդարանը անհրաժեշտ արագութեամբ եւ բծախնդիր մօտեցումով...

Page 300 of 797 1 … 299 300 301 … 797

Արխիւներ