Հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ 6 oգոստոսի երեկոյեան թշնամիի կրակոցէն հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Նուէր Գէորգեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն, զինուորի կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Աւելի ուշ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ 6 օգոստոսի լուսցող գիշերը եւ 7 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը, հակառակ որոշակի լարուածութեան, յարաբերականօրէն կայուն եղած է: Որոշ հատուածներու մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են զինադադարի պահպանման դրութիւնը` կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ:
Ըստ աղբիւրին, ռուսական զօրակազմի միջնորդութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ: