ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը 6 օգոստոսին հրապարակած է հետեւեալ տեղեկատուութիւնը սփիւռքի Հայ դատի աշխատանքներուն մասին.
«Օգոստոսի առաջին օրերէն Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերու եւ զօրամասերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական նախայարձակ յարձակումը դատապարտելու եւ Ազրպէյճանի լկտի պահուածքը վերացնելու համար Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կատարած են լայնածաւալ յարաբերական աշխատանքներ` միջազգային գործընկերներուն պարզաբանելով, որ ազրպէյճանական յարձակումին նպատակը Արցախը շարունակապէս ցեղային զտումի ենթարկելն է եւ Արցախի ժողովուրդին համար գոյութենական նշանակութեան անյաղթահարելի հարցեր ստեղծելը, ինչպիսին օրինակ Լաչինի միջանցքին նկատմամբ վերահսկողութեան հաստատման փորձն է` հակառակ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, որով Լաչինի միջանցքը կը գտնուի բացառապէս ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տիրոյթին տակ:
Ազրպէյճանական յարձակումին միջազգային հանրային դիւանագիտութեան շրջանակներուն մէջ հակազդելու գործին լծուեցաւ Հայ դատի գրեթէ ամբողջ կառոյցը: Աւելի մեծ աշխուժութիւն դրսեւորեցին Հայ դատի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի Արցախի գրասենեակը: Վերջինս Հայ դատի միջազգային ցանցին կ՛ապահովէր տեղւոյն իրավիճակի զարգացումներուն մասին հաւաստի տեղեկութիւններ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն անյապաղ իրազեկած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` խնդրելով դատապարտել ազրպէյճանական յարձակումը, դադրեցնել Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը եւ Ազրպէյճանի մասով վերանայումի ենթարկել 2023-ի համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին օժանդակութեան ֆոնտը եւ «Ազգային պաշտպանական արտօնութիւններու շարժումը», ինչպէս նաեւ վերականգնել 907-րդ բանաձեւի կիրարկումը:
Ալիեւի սանձարձակ պահուածքին վերջ տալու կոչով հանդէս եկած է Քոնկրեսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը: Ազրպէյճանը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ քոնկրեսական Ճեքի Սփեյերը` ամերիկեան գործադիր իշխանութեան կոչ ուղղելով դադրեցնելու Ազրպէյճանին յատկացուող ամերիկեան օժանդակութիւնը:
Աւելի ուշ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են եւ ազրպէյճանական յարձակումը խստօրէն դատապարտած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես, քոնկրեսականներ Պրետ Շերման, Էտըմ Շիֆ, Ճենիս Շաքովսքի, Լորի Թրահան:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ազրպէյճանական յարձակումներու առաջին ժամերէն ուժգին աշխատանքային կապ պահած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու եւ արցախեան հիմնախնդիրին առնչուող Եւրոպական Միութեան ղեկավար այլ կառոյցներու հետ: Գրասենեակը նաեւ յայտարարութիւն տարածած է եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութենէն պահանջած է հրաժարիլ հաւասարակշռող յայտարարութիւններէն եւ իրերը իրենց անունով կոչել, Ազրպէյճանին ստիպել դադրեցնել ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ, Ազրպէյճանի կողմէն իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւններուն տալ թիրախային արժեւորումներ եւ կանխել Թուրքիոյ զինուորական ներգրաւումը հակամարտութեան մէջ եւ այդ պետութեան կողմէն տարածաշրջանի ապակայունացումը:
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը նկարագրող գրութիւն ուղարկած է Արժանթինի ազգային գործերու նախարարութեան եւ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն: Հայ դատի Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի յանձնախումբերը համապատասխան գրութիւններ հասցէագրած են հարաւամերիկացի լրագրողներուն եւ մարդու իրաւունքներով զբաղող կազմակերպութիւններուն:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յարաբերական աշխատանքներ կատարած է քանատական իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր թեւի ներկայացուցիչներուն հետ: Կատարուած աշխատանքներու արդիւնքները հաւանաբար տեսանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ օրերու ընթացքին:
Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ հասցէագրած է Յունաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` ներկայացնելով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու Եւրոպական Միութեան ղեկավարութենէն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն պահանջելով ուղղակիօրէն դատապարտել ազրպէյճանական յարձակումները, վերջ տալ ոչ որոշակի խօսոյթին, դադրեցնել Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղային զտումի քաղաքականութիւնն ու կանխել արցախեան հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներգրաւումը:
Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի գործողութիւններուն շնորհիւ Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի երեսփոխան, եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքաս Ֆուրլաս, դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակումը, դիմած է Եւրոպական յանձնաժողովին` կոչ ուղղելով անյապաղ եւ պարտադրողական նախաձեռնութիւններ կիրարկելու եւ ստիպելու Ազրպէյճանին դադրեցնել յարձակումը:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը 5 օգոստոսին տարածած է յայտարարութիւն մը, որով Աւստրալիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին օրերու ընթացքին ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն վրայ` մանրամասնելով անոնց բնոյթն ու հեռահար նպատակները` Հայաստանի ու Արցախի միջեւ ցամաքային կապը խափանելու ազրպէյճանական ծրագիրը:
Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը 4 օգոստոսին նամակ յղած է երկրի արտաքին եւ եւրոպական գործոց նախարարին` պահանջելով անվերապահօրէն դատապարտել Ազրպէյճանի յարձակումը, կոչել յարձակողապաշտը իր անունով եւ Արցախի տագնապի որեւէ դիրքորոշման պարագային հաշուի առնել Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի հիմնարար կէտերը, ինչպէս նաեւ դեկտեմբեր 2020-ին Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուած կարեւոր բանաձեւը:
Յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը` արաբական երկիրներու հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով ազրպէյճանական յարձակումներուն վրայ եւ նկատել տալով, որ կատարուածը հայութեան նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութեան շարունակութիւն է: Հայ դատի գրասենեակը նաեւ արաբերէնի թարգմանած եւ արաբական լրատուամիջոցներով տարածած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու` 4 օգոստոսի միացեալ յայտարարութիւնը ազրպէյճանական յարձակումներուն վերաբերեալ, որով միջազգային հանրութենէն կ՛ակնկալուի հասցէական յայտարարութիւններով եւ յստակ գործողութիւններով սանձել ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւնները»: