Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ 1 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը:
«Նախարար Ճէյհուն Պայրամով ամերիկեան կողմին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի յայտնի դիրքորոշումը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ յառաջընթացի անհրաժեշտութեան մասին, ներառեալ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացման, երկու պետութիւններու սահմաններու սահմանազատման, ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներու մեկնարկի մասին», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը` պնդելով, որ ի հեճուկս ստանձնած պարտաւորութիւններուն, «Հայաստան իր զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած Ազրպէյճանի տարածքէն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալը նոյն օրը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Հայկական կողմին հաղորդումով` կողմերը քննարկած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող անվտանգային միջավայրը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ծագած մարդասիրական խնդիրներու լուծման` կողմերը ընդգծած են հայ պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնեց, որ Տանֆրիտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի. «Անոնք քննարկած են շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ընձեռուած պատմական կարելիութիւնը: Արտաքին գործոց փոխնախարարը վերահաստատած է շրջանային փոխադրամիջոցային եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման աջակցելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկը: Ան կողմերուն կոչ ուղղած է մեղմացնելու սահմաններու լարուածութիւնն ու խրախուսած երկխօսութեան շարունակութիւնը»: