Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու գործողութիւնները Լաչինի միջանցքի եւ շփման գիծի ամբողջ երկայնքին, լիցքաթափելու լարուածութիւնը եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:
«Դժբախտաբար, այդ բախումները արդէն յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու եւ վիրաւորներու: Անհրաժեշտ է լիցքաթափել լարուածութիւնը, լիովին յարգել հրադադարը եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` բանակցուած լուծումներ փնտռելու նպատակով: Եւրոպական Միութիւնը կը մնայ յանձնառու օգնելու յաղթահարել լարուածութիւնը եւ շարունակել իր մասնակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործընթացին մէջ», նշուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ: