Հակառակ Ժամանակաւորապէս Վերականգնած Ըլլալուն. Ազրպէյճան Դարձեալ Կը Դադրեցնէ Հայաստանէն Արցախ Կազամատակարարումը
8 յուլիսի երեկոյեան վերականգնուած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: Կազամատակարարման վերականգնման հետեւանքով, կուտակուած կազը սկիզբը մատակարարուած է միայն ինքնաշարժներու կազալցակայաններուն` խուսափելու համար լրացուցիչ անվտանգային վտանգներ յառաջացնելէ, կը յայտնեն «Արցախկազ»-էն, աւելցնելով, որ հիմա աշխատակիցները կը կատարեն լրացուցիչ թեքնիք աշխատանքներ` բոլոր բաժանորդներուն կազի մատակարարման համար համակարգը նախապատրաստելու նպատակով: «Այդ առումով կը յորդորենք բոլոր բաժանորդներուն նախազգուշական միջոցներ...




















