Ազրպէյճանցիները դարձեալ հրազէնով կրակած են Կապանի օդակայանին վրայ` վնասելով օդակայանի շինութիւններուն պատերը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկութիւններով` վնասուած են նաեւ օդակայանի պատուհանները: Անձնակազմէն ոչ ոք տուժած է:
Կրակոցները արձակուած են հակառակորդին կողմէ վերահսկուող տարածքներէն:
Քննչական կոմիտէի բանբեր Գոռ Աբրահամեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնեց, որ դէպքին առիթով յարուցուած է քրէական վարոյթ` Քրէական օրէնսգիրքի 2 յօդուածներով` սպանութեան փորձ, որ կատարուած է անձերու կեանքին համար վտանգաւոր եղանակով, եւ ազգային, ցեղային հայեացքներով կամ թշնամանքի շարժառիթով գոյքի ոչնչացում:


