Վարդենիսի սահմանին վրայ 1 սեպտեմբերին ազրպէյճանական զօրքերու արձակած թէժ կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 3 հայ զինուորներ` Անդրանիկ Արշակի Անտոնեան, Արսէն Ալեքսանդրի Մկրտչեան եւ Վաչագան Սարոյի Վարդանեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհերուն կարգին հրապարակեց Նարեկ Կարէնի Պօղոսեանի անունը, սակայն աւելի ուշ տեղեկացուց, որ նոր զեկուցում ստացած է բժիշկներէն, որոնք տեղեկացուցած են, թէ Նարեկի սիրտի զարկը վերականգնած է, սակայն ան կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. աշխատանքներ կը տարուին զայն փրկելու:
Նարեկ Պօղոսեանէն բացի կան նաեւ 2 այլ վիրաւորներ, որոնց վիճակը միջին ծանրութեան է, եւ անոնց կեանքը վտանգուած չէ։
1 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:50-էն սկսեալ իրադրութիւնը լարուեցաւ Վարդենիսի Սոթք, աւելի ուշ Նորաբակ գիւղերու դիրքերուն մէջ: Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազրպէյճան աշխուժ կերպով կրակեց հրաձիգերով, նաեւ ականանետով: Կրակի աշխուժութիւնը 3 ժամ ետք նուազեցաւ, ապա վերսկսաւ նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկումով` Սոթքէն բացի, Նորաբակի ուղղութեամբ:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած վերջին հաղորդագրութեան, ժամը 5:30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր:
Այդ ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Սոթքի հատուածին մէջ Պաքուի ռազմական յաւելեալ սարքերու եւ անձնակազմի կուտակում նկատուեցաւ: Պաքու այս բոլորը հերքեց` պնդելով, թէ հայկական կողմն է, որ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմական սարքեր տեղադրած է:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ազրպէյճանի զինուորական սարքերուն աշխուժութիւնը կը նկատուի յստակ կերպով:
Պաքու առաւօտ կանուխէն, հայկական կողմին զուգահեռ ժամանակագրութեամբ տարածեց հերքումներ` մեղադրելով հայկական կողմը՝ իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ կրակելու, ընդհուպ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրարկելու յանցանքով։ Ազրպէյճան հաղորդեց երեք վիրաւոր զինուորներու մասին։


