Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայութիւնը Եւս Զօրակցեցաւ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Սեպտեմբեր 4, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 սեպտեմբեր 2023-ի ամբողջ օրուան ընթացքին եւ յատկապէս երեկոյեան ժամերուն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները ազգային-  յեղափոխական երգերու ձայնասփռումով եւ  յատուկ կոչերով շրջեցան Այնճարի փողոցներուն  մէջ եւ ոգեւորեցին գիւղացիները` առ ի  պատրաստութիւն երեկոյեան տեղի ունենալիք  Արցախի զօրակցական համախմբումին, որ տեղի  պիտի ունենար «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:

Մինչ այդ նոյն վայրին մէջ զետեղուած Արցախի  Հանրապետութեան դրօշակը իր շուրջ ստեղծած էր  եռուզեռ այն իմաստով, որ Այնճարի մեր  հայրենակիցները իրենց ստորագրութիւնը  դրոշմելով դրօշակին վրայ կ՛արտայայտէին իրենց  յանձնառութիւնը` կանգնելու արցախահայութեան  կողքին:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ.   Գուճանեանի, քոյր համայնքներու հոգեւոր հայրերու,  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու անդամներու,  Այնճարի քաղաքապետին եւ հոծ բազմութեան մը տեղի ունեցաւ պաշտօնական զօրակցական համախմբում:

Ձեռնարկին բացումը կատարելով Յակոբ  Այնթապլեան շեշտեց, որ արցախահայութեան տոկունութեան դիմաց մերը պարզապէս յարգանքի  արտայայտութիւն մըն է: Անոնց  դիմադրողականութեան դիմաց մերը խոնարհում  մըն է, որովհետեւ հարցը

ազրպէյճանցիներուն կողմէ  Արցախի ամբողջական շրջափակումը չէ, այլ  արցախահայութեան ցեղասպանութիւնն ու  Արցախի ամբողջական հայաթափումը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Լութֆիկ  Այվազեան, որ սահիկներու միջոցով եւ  հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախը երէկ, այսօր  եւ վաղը…

Ան անդրադարձաւ բոլոր այն հիմնական  գործօններուն, որոնց պատճառով Արցախը  վերածուած էր մեծ պետութիւններու, մանաւանդ  Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բախման կէտին:

Ան զգօնութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ  մաղթեց, որ մեր հաւաքական  երազները իրականութիւն դառնան:

Երեկոյեան ուշ ժամերուն տեղի ունեցաւ  մոմավառութիւն:

Ներկաները իրենց մոմերը վառեցին:

ԼԵՄ-ականները իրենց լուսաւոր մոմերով ուրուագծեցին ԱՐՑԱԽ գրութիւնը, որ   զետեղուած էր «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի մուտքին`  Արցախը խորհրդանշող Մամիկի եւ Պապիկի  կողքին:

Հայրենակիցները իրենց մոմերը զետեղեցին գիւղի  հրապարակը` առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր  նահատակներուն:

Նախորդը

«Մտահոգիչ Է Այն, Որ Արտաքին Կողմեր Լիբանանի Իրավիճակը Չարաշահեն Եւ Ստեղծեն Ամբողջական Փլուզում Պատճառող Անբնական Կացութիւն Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Արցախի Ժողովուրդին Կողքին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?