Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յորդորներէն Դէպի Պատուէրնե՞ր

Սեպտեմբեր 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատարին յայտարարութիւնը ահազանգային է: Կեդրոնական դրամատունը կ՛որոշէ դադրեցնել պետութեան ֆինանսաւորումը: Այս որոշումէն առաջ կար ուղղուածութիւն եւ այդ մասին նաեւ յայտարարութիւն, որ ֆինանսաւորումը պիտի ըլլայ ամերիկեան դրամանիշով: Օտար դրամանիշով պետական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը պետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ բնական պայմաններու մէջ անօրինաչափ քայլ է: Լիբանանեան դրամանիշի տատանուող կայունացման միտող գործողութիւններու շարքին մաս կը կազմէ, ժամանակաւոր ելքեր որդեգրելու ընդհանուր ֆինանսական քաղաքականութեան պարունակին մէջ:

Այդ ժամանակաւոր ելքի որդեգրումէն կտրուկ անցումը` ֆինանսաւորման կասեցումին երկու ենթապատճառ կրնայ ունենալ: Նախ անշուշտ պետական ֆինանսական պաշարի սպառումը,  եւ երկրորդ` քաղաքական ճնշամիջոցը: Այս երկրորդ վարկածը աւելի ծանր կը կշռէ, քանի որ Ռիատ մեկնումի առիթով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատարը յայտարարած էր, որ իր իրաւասութիւնները կ՛արտօնեն, որ ինք ժողովուրդին պատկանող գումարները պետութեան փոխ տայ, սակայն ինք կտրականապէս կը մերժէ այդ քայլին դիմել:

Քաղաքական բաժինը մտաբերել կու տայ անպայման երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբուելու հրամայականը: Ֆրանսական առաքելութեան անորոշ հեռանկարը, միւս կողմէ` Ծոցի երկիրներու լաւատեսական, բայց զուտ յայտարարողական բնոյթի հրապարակումները  հանգուցալուծումներու ուշացման մասին կը յուշեն: Ֆրանսական անորոշութիւն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Թեհրանի դիրքորոշումը: Իրան եւս կը միանայ նախագահական պաշտօնի դատարկութեան փուլը աւարտելու անհրաժեշտութիւնը շեշտող մօտեցումներուն եւ այդ առիթով կը քննադատէ Փարիզի ոչ կառուցողական եւ միակողմանի մեղադրանք ներառող  հրապարակումները:

Ամերիկացի պատուիրակին Լիբանան այցելութիւնը, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին յղած հանդիպումի հրաւէրները եւ Թեհրան-Ռիատ յարաբերութիւններու բնականոնացման նոր մղումները ընդհանուր հետագայ ընթացքի մը նախանիշեր են: Սայլը սակայն շատ դանդաղ կը շարժի, եթէ ոչ տեղապտոյտի մէջ է:

Ամերիկացի պատուիրակին կատարած յայտարարութիւնները անշուշտ պիտի կեդրոնանային հորատման աշխատանքներուն վրայ: Այս առումով լաւատեսական յայտարարութիւններ կատարելէ ետք, ամերիկացի դիւանագէտը հաստատած է` նախագահի ընտրութեան առումով մեր յորդորը յստակ է. «Լիբանանցիները վստահած են խորհրդարանին, որպէսզի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը, որ պէտք է համախմբէ լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ գործակցի` ապահովելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրելիք վարկերը»:

Ուղերձը քանի մը բաղադրիչ ունի: Նախ այն, որ ֆինանսական եւ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու կամ ընդհանրապէս հանգուցալուծումներու երթը սկսելու համար, պէտք է ընտրուի նախագահ: Այսքանը պարզ է:

Ուշագրաւը հետեւեալ առանցքին կը վերաբերի:  Լիբանանցիները վստահած են խորհրդարանին, որպէսզի ընտրէ նախագահ մը, որ պիտի գործակցի խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ` համախմբելու համար կողմերը:

Եթէ այնպէս ընկալենք, որ բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ներկայացնէ Ուաշինկթընը, ապա ուրեմն հաստատում կը կատարուի, որ լիբանանցիները վստահած են խորհրդարանին:

Խորհրդարանին վստահութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ խորհրդարանի նախագահին շուրջ համախմբուիլ` համաձայնելու համար նախագահի թեկնածուի կամ ընդհանրապէս նախագահական ընտրութեան օրակարգին շուրջ: Հեռուներէն կը նկատուի Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի յայտարարութիւններու զուգահեռը` երկխօսութեամբ նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնելու:

Բայց երկխօսութիւնը հիմա ցանկալի առաջադրանք կամ կարգախօս չէ: Հիմա ձեռնարկուած քայլ է խորհրդարանի նախագահին կողմէ, որուն արձագանգները միանշանակ չեն:

Ամերիկացի դիւանագէտին կողմէ հաստատելը` լիբանանցիներուն խորհրդարանին վստահած ըլլալը եւ համաձայնելու անհրաժեշտութիւնը, հիմա, այս պահուն, կ՛ընկալուի ընդառաջել երկխօսութեան հրաւէրին:

Քաղաքական ընկալումով աւելորդ չ՛ըլլար արձանագրելը, որ երկխօսութեան սեղանի շուրջ հաւաքուելու յորդորը կը հնչէ թէ՛ Թեհրանէն եւ թէ՛ Ուաշինկթընէն:

Քաղաքական սայլը դանդաղաշարժ է Լիբանանի մէջ: Կ՛արագանայ, եթէ յորդորներու տեսքով հնչածները պատուէրներու բնոյթ ստանան:

«Ա.»

Նախորդը

Ազրպէյճանցիները Դարձեալ Կրակած Են Կապանի Օդակայանին Վրայ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?