Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Պաշտպանութիւն Արցախի

Սեպտեմբեր 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 2 սեպտեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը, որ կը կրէր «Էս. Օ. Էս. Արցախ» կարգախօսը:

Հանրահաւաքի նպատակն էր Հայաստանի ու սփիւռքի միասնական ձայնը հնչեցնել Արցախի ու համայն հայութեան համար այս ծանր ու վճռական փուլին:

Հանրահաւաքի մեկնարկին` Հայաստանի ու Արցախի պետական օրհներգերէն ետք Շուշան Պետրոսեան կատարեց «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգը:

Տէրունական աղօթք կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան:

Սրբազանը երախտիքի խօսք յղեց Արցախի անկախութեան համար նահատակուածներուն եւ Ազատութեան հրապարակին մէջ գտնուող հանրահաւաքի մասնակիցներուն:

«Կ՛ուզեմ ամբողջ սրտովս, որդիական սիրով ու խոնարհութեամբ ձեզ բոլորիդ, իմ հոգեւոր եղբայրներուս հետ միասին, բերել Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Գարեգին Բ. հայրապետի օրհնութիւնը, սէրը, ողջոյնը, քաջալերանքը, աղօթքը մեր ամբողջ կեանքի վերելքներուն ու յաղթանակներուն համար: Վեհափառի օրհնութիւնը, ողջոյններն ու սէրը ձեզի` սիրելի, իմ շատ սիրելի ժողովուրդ: Ես յաղթեցի աշխարհին. այս խօսքերը հնչեցին մեր Տիրոջ կողմէ այն ժամանակ, երբ իր շուրջ տրտմութիւն էր, կասկած, յուսահատութիւն, ուրացում, անորոշութիւն, վախ` պատուած միայնութեան եւ լքուածութեան զգացումով: Առջեւը տառապանք կար ու խաչելութիւն, մարդկային միտքի համար անհասկնալի ու անընդունելի, սակայն այդ է յաղթանակի ու յարութեան ճանապարհը: Եւ նոյնինքն այս մթնոլորտին մէջ կը հնչէ տէրունական պատգամը: Աշխարհի մէջ դուք նեղութիւն պիտի կրէք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին: Այս անվերջանալի պատգամը կը հնչէ նաեւ այսօր», ընդգծեց Բագրատ սրբազան:

Հանրահաւաքին ելոյթներ ունեցան շուշեցի Նարէ Սիմոնեան, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեան, «Բաբոն տէր ա» նախաձեռնութիւնը, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Վաչագան Մանուկեանի հայրը` գրող Խաչիկ Մանուկեան, քաղաքագէտ Թեւան Պօղոսեան, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Յակոբ Ռոստոմեանի հայրը` Արա Ռոստոմեան, «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեան, Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, Ղարաբաղեան շարժման ակունքներուն մէջ կանգնած, Ղարաբաղ կոմիտէի ղեկավար Վազգէն Մանուկեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Տեսաուղերձով հանրահաւաքի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Այս հանրահաւաքը հերթական հանրահաւաք չէ, այլ ունի առաքելութիւն», իր ելոյթին մէջ նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Այսօր հայ ժողովուրդը աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ միջազգային հանրութեան, մեր բարեկամ, դաշնակից երկիրներուն ու մեր թշնամիներուն շատ յստակ եւ ուղիղ կ՛ըսէ` Հայաստանի իշխանութիւններուն մէջտեղ բերած յանձնուելու օրակարգը հայ ժողովուրդի օրակարգը չէ, հայ ժողովուրդը կը մերժէ այդ օրակարգը եւ պատրաստ է շարունակելու պայքարը իր հայրենիքին համար», յայտնեց Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ յաջորդ հանրահաւաքը պիտի չուշանայ, նշեց, որ իշխանափոխութեան հասնելու շուրջ ընդդիմադիր դաշտին մէջ աշխուժ քննարկումներ կ՛ընթանան:

«Սա մէկ հոգիի, մէկ անձի որոշելիքը չէ, սա արժանապատուութեան, մինչեւ վերջ երթալու պայքար է, մեր յաջորդ հանդիպումը շատ պիտի չուշանայ, Արցախը երբեք Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ: Չհիասթափուի՛լ, չյուսահատի՛լ, չլռե՛լ եւ երթալ մինչեւ վերջ», նշեց ան:

Հանրահաւաքը վերջ գտաւ Շուշան Պետրոսեանի հանրայայտ «Արցախ» երգի կատարումով:

Նշենք, որ հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Մասնակցած Է Հանրապետութեան Օրուան Նուիրուած Մաղթանքին Եւ Հոգեհանգստեան Կարգին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (4 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?