Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Մենք Ունինք Մէկ Ճանապարհ, Որ Կը Կոչուի Բերձորի Միջանցք»

Օգոստոս 31, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախի մէջ որոշակի հարցերու շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւն կայ, բայց կայ նաեւ այդ դիրքորոշումները մերձեցնելու ցանկութիւն», այս մասին 30 օգոստոսին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:

«Ե՛ւ իմ կողմէս, ե՛ւ խորհրդարանին կողմէ ամէն ինչ պիտի կատարուի միասնական մթնոլորտ ստեղծելու` ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հասարակական դաշտին մէջ, քանի որ իշխանութիւն-հասարակութիւն յարաբերութիւններու առումով կայ ջրբաժան մը, որ պէտք է վերացնել», պարզաբանեց ան:

Իշխանեան նշեց, որ կայ սահմանադրական փոփոխութիւններու միասնական ծրար, որուն Արցախը կը վերադառնայ աւելի ուշ:

«Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` իմ կողմէ այս պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը անմիջապէս չընդունուեցաւ, ներկուսակցական քննարկումներ եղան, այնուհետեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ», ընդգծեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ այս ընթացակարգերէն ետք առաջարկը ընդունուած է` բացատրելով, որ առանց քաղաքական փոխադարձ համաձայնութեան այս որոշումը չէր կայացուեր: Դէմ քուէարկած է միայն «Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւնը, որուն ներկայացուցիչները Իշխանեանի հետ հանդիպումներուն ժամանակ, ըստ վերջինիս, բացատրած են իրենց դիրքորոշումը:

«Իմ թեկնածութիւնս առաջադրեց իշխող ուժը:  44-օրեայ պատերազմէն ետք Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ այսօր Արցախի մէջ չի ներկայացներ իշխող կուսակցութիւնը: Ուստի ան պէտք է բոլոր կուսակցութիւնները յենարան նկատէ` անոնք ըլլան ընդդիմադիր, թէ իշխանական», եզրափակեց ան:

Դաւիթ Իշխանեան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անդրադարձաւ նախանցեալ օր Ազրպէյճանի կողմէ Ակնայով «մարդասիրական» բեռ ուղարկելուն եւ յայտարարեց, որ մարդասիրական բեռի համար մէկ ճանապարհ կայ, որ Բերձորի միջանցքն է:

«Եւ այդ միջանցքով անխափան երթեւեկութիւնը պէտք է վերականգնի: Ատիկա ամրագրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած փաստաթուղթով: Ինչ կը վերաբերի Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհի գործարկման ազրպէյճանական թեզին, ապա ատիկա նորութիւն չէ: Շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական կողմը արեւմտեան գործընկերներու, ռուս գործընկերներու միջոցով փորձած է այդ մտադրութիւնը ներկայացնել եւ իրականութիւն դարձնել:

Ազրպէյճանի երէկուան քայլը մեզի համար հասկնալի է. նախ անընդունելի է: Բաւականին քննարկումներ եղած են, մեր հասարակութիւնը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, որ Արցախի իշխանութիւններուն քննարկումները յանգած են անոր, որ այդ ճանապարհի գործարկումը անընդունելի է մեզի համար շարք մը պատճառներով:

Պատճառներէն մէկը այն է, որ մենք ունինք մէկ ճանապարհ` Բերձորը, եւ մենք երկրորդ միջանցքի հասկացողութիւն մեզի համար պէտք չէ ամրագրենք: Ազրպէյճանը, քաղաքական նպատակներ հետապնդելով, կը փորձէ աշխարհին ցոյց տալ, որ իրենք ներքին խնդիր ունին, եւ Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը չի կրնար առնչուիլ արտաքին աշխարհին հետ: Այս խնդիրը հասած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ», նշեց Իշխանեան:

«Նախանցեալ օր, երբ ազրպէյճանական բեռնատարները մօտեցած են, որոշակի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են ռուս խաղաղապահներու հետ», ըսած է Արցախի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:

«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարի փոխարինողը նոր  հասած է Արցախ եւ տակաւին քաջածանօթ չէ ներքին կացութեան: Կան որոշ դրուագներ, տարրեր, որոնց գծով անհրաժեշտ է, որ ռուսական կողմը անոնց մասին աւելի լաւ տեղեկացուած ըլլայ, բայց անոնք, որոնք այստեղ են, զօրակազմի համապատասխան պաշտօնեաները, վստահ եմ` շատ լաւ տեղեկացուած են մեր եւ ազրպէյճանական կողմի մօտեցումներուն:

Այս քննարկումները տակաւին որեւէ արդիւնք չեն տուած, յամենայն դէպս, ռուս խաղաղապահներու առաջարկը, որ կարելիութիւն տրուի մեքենաներու մուտքին Արցախի Հանրապետութեան տարածք, որեւէ արդիւնք չէ տուած: Արցախի իշխանութիւններու, համապատասխան կառոյցներու կողմէ միջոցներ ձեռնարկուած են, եւ այդ քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են: Անոնք աւարտած չեն, այստեղ շատ կարեւոր է Արցախի ընդհանուր դիրքորոշումը եւ ռուսական կողմին համապատասխան բացատրութիւններ տալը», ըսաւ Իշխանեան:

Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը եւս պէտք է տեղեկացուած ըլլայ այն ընդհանուր իրավիճակին, որ առկայ է, եւ այն տեսակէտներուն, որոնք ունի արցախեան կողմը. «Կ՛ուզեմ յոյս յայտնել, որ այդ բանակցութիւնները փոխըմբռնման մթնոլորտի մէջ ալ պիտի աւարտին եւ պիտի ունենան իրենց տրամաբանական աւարտը: Մեր սպասելիքները պէտք է որ արդարանան», ընդգծեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը:

Նախորդը

Բերձորի Միջանցքէն Առեւանգուած Երիտասարդներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Վերաբերեալ ՄԻԵԴ-ին Դիմում Ներկայացուած Է

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?