Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու իր դիմումը: Այս մասին Յարութիւնեան գրած է Դիմատետրի իր էջին մէջ:
Ան նշած է, որ որոշումը վերջնական է եւ զայն կայացուցած է երկու օր առաջ` հաշուի առնելով վերջին շաբաթներու իր շփումները բոլոր ներքին ու արտաքին դերակատարներուն եւ լայն հանրութեան հետ:
«Սա իմ ունեցած տուեալներուս վերլուծութեան արդիւնքներուն հիման վրայ կշռադատուած որոշում է` կայացուած բացառապէս իմ կողմէս», գրած է Յարութիւնեան:
Միւս կողմէ, Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան ազատ կացուցուած է իր վարած պաշտօնէն եւ պետական նախարար նշանակուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը, տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` նշելով, որ Շահրամանեանին լայն լիազօրութիւններ տրուած են:


