Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կողմերուն Կոչ Ուղղած Են Իրենց Հովանիին Տակ  Որքան Կարելի Է Շուտ Վերսկսելու Բարձր  Մակարդակի Քաղաքական Երկխօսութիւնը

«Եթէ Ապագային Կարելի Ըլլայ Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Կառուցողական Աշխատիլ, Ապա Միացեալ Նահանգներ Դէմ Չեն» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն գտնել ուղիներ ու կազմակերպութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան` արդէն սկսած քննարկումները կարելի պիտի ըլլայ յառաջ տանիլ եւ վերջնական արդիւնքի հասցնել: Այս մասին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին: «Դժբախտաբար Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ իր յարձակողական գործողութիւններուն պատճառով հանդէս չէ եկած իբրեւ լաւ գործընկեր: Ուստի մենք...

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական  Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, 3 ժամանակաշրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետի պաշտօնը վարած եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ օգտաշատ ներկայութիւն եղած Անդրանիկ Մսըրլեան: Անդրանիկ Մսըրլեան լիբանանեան պատերազմի իրերայաջորդ փուլերուն անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տարբեր կազմերուն` ձեռնհասօրէն վարելով գանձապահի պաշտօնը: Անդրանիկ Մսըրլեանի անուան հետ անմիջականօրէն կապուած են երիտասարդական, միութենական, համայնքապատկան կազմակերպութիւններու հիմնադրութիւնը եւ շինարարական...

Ըստ Արցախի Պաշտպանութեան  Նախարարութեան.  Ազրպէյճան Կը Շարունակէ  Կեղծ Տեղեկութիւններ Տարածել

Ըստ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Կեղծ Տեղեկութիւններ Տարածել

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 3 յուլիսի ժամը 10:40-11:40-ը կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերթական կեղծ պնդումը տարածած է` նոյն ուղղութեամբ իր կողմէ` իբրեւ...

Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսելի Մէջ  Հանդիպում Ունեցած Է Եանեք Փոլեթի Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Եանեք Փոլեթի Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսելի մէջ գտնուող` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Փոլեթի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ իբրեւ դիտորդ վերջինիս անդամակցող ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ...

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայրապետական Մաղթանք` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 28-րդ Տարեդարձին Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` Ս. եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ Հայրապետական մաղթանքի կատարումով: Վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրացան ու Հայրապետական մաղթանք կատարեցին` ընթերցելով աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ ու մաղթելով երկար գահակալութիւն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սպանիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սպանիոյ Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիա Թաշճեան այսօր` 3 յուլիս 2023-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխդեսպան Հերմոկենես Լոփեզի հետ: Պատուիրակութիւնը իր շնորհաւորութիւնը փոխանցեց Սպանիոյ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով: Փոխդեսպան Լոփեզ նշեց, որ մարմինը առաջինն է, որ այս առիթով կապ կը հաստատէ Սպանիոյ դեսպանատան հետ: Աւելի քան...

Ակնարկ.   Բանակցի՞լ, Թէ՞ Չբանակցիլ

Ակնարկ. Բանակցի՞լ, Թէ՞ Չբանակցիլ

Արցախի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը բնականաբար կը կապուի ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն: Ազրպէյճանը յայտնապէս դժգոհ է բանակցային այս գործընթացէն. թեքնիք պատճառներով փորձեց յետաձգել բանակցութեան այս փուլը. հիմա ալ կրակոցներով եւ հայ զինուորներ սպաննելով փորձ կը կատարէ իմաստազրկելու վերաճշդուած բանակցութիւնը: Յայտնապէս այս վարքագիծը պիտի շարունակուի: Դժգոհութեան բաժինը, առանց յայտարարուելու Ստեփանակերտ-Պաքու ուղիղ բանակցութիւններու անցման յորդորներն են, պայմանաւորուած` միջազգային երաշխաւորութեամբ: ԵԽԽՎ-ի վերջին բանաձեւին մէջ կար...

Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան  Բանակցութիւններուն Մէջ

Յաւելեալ Յառաջընթաց` Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւններուն Մէջ

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով, որ Երեւան եւ Պաքու համաձայնութիւն գոյացուցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի քանի մը յօդուածներու շուրջ եւս: Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններու երկրորդ փուլին հիմամբ, ինչպէս տեղեկացուցին կողմերը` նաեւ փոխըմբռնման յառաջընթաց արձանագրուած է` նոյն ժամանակ արձանագրելով, որ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն...

Արցախ-Ազրպէյճան Շփման Գիծին Մէջ Յարձակման  Պատճառով 4 Հայ Զինուորներ Զոհուեցան

Արցախ-Ազրպէյճան Շփման Գիծին Մէջ Յարձակման Պատճառով 4 Հայ Զինուորներ Զոհուեցան

27-էն 28 յունիս լուսցող գիշերը Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին մէջ արձակուած բուռն կրակոցներու պատճառով հայկական կողմէն զոհուեցան 4 զինուորներ` Արմօ Աբգարեան, Սամուէլ Թորոսեան,  Երուանդ Թադեւոսեան եւ Գագիկ Բալայեան: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ազրպէյճանի զինուժը հրետանիներով կրակ բացաւ Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ կիրարկեց նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախորդ օրերուն շարունակաբար տարածելով կեղծ հաղորդագրութիւններ, թէ...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղում հաստատուած հրադադարի դրութիւնը, յունիսի 27-ի լոյս 28-ի գիշերուայ ժամը 1:30-ից սկսած տարբեր զինատեսակներից կրակ են բացել Արցախի Հանրապետութեան տարածքի ուղղութեամբ, որի հետեւանքով զոհուել է մեր 4 հայրենակից: Ազրպէյճանի կողմից Արցախի լիակատար շրջափակման պայմաններում, հրետանային միջոցների եւ անօդաչու թռչող սարքերի կիրառմամբ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիների այս...

Վանգուվըրի Մէջ Ընթացող ԵԱՀԿ ԽՎ Նիստին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդամները Արցախի Ինքնորշման Հարցը Արծարծեցին ԵԱՀԿ Պատգամաւորներուն Հետ

Վանգուվըրի Մէջ Ընթացող ԵԱՀԿ ԽՎ Նիստին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդամները Արցախի Ինքնորշման Հարցը Արծարծեցին ԵԱՀԿ Պատգամաւորներուն Հետ

Յունիս 30-ին, Վանգուվըրի մէջ սկսաւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի (OSCE PA - ԵԱՀԿ ԽՎ) տարեկան 30-րդ նստաշրջանը։ Հայաստան նստաշարջանին կը մասնակցի խորհրդարանական  պատուիրակութեամբ, որուն մաս կը կազմեն ՀՀ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Սարգիս Խանդանեանը, ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներ Մարիա Կարապետեանը, Լիլիթ Մինասեանը, Արթուր Յովհաննիսեանը եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Վեհաժողովի օրակարգի վրայ են...

Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութիւնը Կոչ Կ՚ուղղէ Ապաշրջփակել Լաչինի Միջանցքը

Գանատա-Արցախ Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութիւնը Կոչ Կ՚ուղղէ Ապաշրջփակել Լաչինի Միջանցքը

Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած Արցախի շրջափակման 200-րդ օրուան առիթով, Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահներ Ռէյչըլ Թամըս եւ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր կը շեշտուի շրջափակման անյապաղ վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը։ Սնունդի սուր պակասն ու սակաւութիւնը, վառելանիւթի ու ելեկտրականութեան հասանելիութիւնը, արտերկրի հետ հաղորդակցութեան բացակայութեան հետ միատեղ ստեղծած են սուր ճգնաժամ, կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արայիկ Յարութիւնեանի Ընտրութիւնը`  Իբրեւ Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Վեհափառ Հայրապետը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախագահին Հետ

Ուրբաթ, 30 Յունիս 2023-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արացխի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն եւ յատկապէս...

«Արցախի Գծով Կը Մնամ Վճռակամ», Կը Հաստատէ Ֆրանսայի Նախագահը

«Արցախի Գծով Կը Մնամ Վճռակամ», Կը Հաստատէ Ֆրանսայի Նախագահը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մարսէյ եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի ազդեցիկ տարբեր շրջանակներու (տնտեսական, ճարտարարուեստի, քաղաքական, համայնքային,մարզական, մշակութային, առեւտրական, գիտական-կրթական, եւայլն) հետ, զոր հրաւիրած էր անձամբ: Սոյն երեկոյին, Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ իր հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ, պատասխանելով իրեն ուղղուած դիմումին՝ «պարոն նախագահ, Արցախի շրջափակման եւ ազերիական յարձակողապաշտ ընթացքին դէմ ձեզմէ...

Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով  Եռակողմ Հանդիպումը Աւարտած Է

Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Եռակողմ Հանդիպումը Աւարտած Է

Ուաշինկթընի մէջ աւարտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին մէջ, հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է չլուծուած հարցերուն, որոնց լուծումը առանցքային է շրջանին մէջ խաղաղութեան համար` ընդգծելով կողմերուն պարտաւորութիւնները:  

«Էս. Օ. Էս. Արցախ». 24-Ժամեայ Նստացոյց Հայաստանի  Հանրապետութեան Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Ռուսիոյ Ու Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն  Եւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութեան Դիմաց

«Էս. Օ. Էս. Արցախ». 24-Ժամեայ Նստացոյց Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Ու Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Եւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութեան Դիմաց

Երէկ` երեքշաբթի, 27 յունիսի առաւօտեան ժամը 8:30-էն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց սկսած է ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնած «Էս. Օ. Էս. Արցախ» խորագիրը կրող 24-ժամեայ նստացոյցը: Ցուցարարները իրենց հետ բերած էին Արցախի Հանրապետութեան դրօշները, ինչպէս նաեւ «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը», «Գործելու պահը հիմա է», «Արցախում 120.000 մարդ է ապրում», «Առանց...

Միլլըր. «Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստան – Ազրպէյճան  Բանակցութիւնները Պիտի Տեւեն Մինչեւ 29 Յունիս»

Միլլըր. «Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստան – Ազրպէյճան Բանակցութիւնները Պիտի Տեւեն Մինչեւ 29 Յունիս»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները մինչեւ 29 յունիս պիտի տեւեն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ բանակցութիւնները պիտի սկսին երեքշաբթի եւ պիտի շարունակուին մինչեւ հինգշաբթի: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն պիտի հանդիպի թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ», նշած է...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Մերլէ  Սփելերպերկ Եւ Գերմանիոյ Դեսպանատան Գործերու  Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Մասնակցած Են  Երասխի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պարեկութեան

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Մերլէ Սփելերպերկ Եւ Գերմանիոյ Դեսպանատան Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Մասնակցած Են Երասխի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պարեկութեան

Եւրոպական խորհրդարանի գերմանացի երեսփոխան Մերլէ Սփելերպերկ եւ Երեւանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էրիք Թինթրուփ 26 յունիսին այցելած են Ջերմուկի մէջ գտնուող Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան հրամանատարական կեդրոն: Եւրոպացի դիտորդները անոնց ներկայացուցած են ներկայ կացութիւնը, որմէ ետք պատուիրակութիւնը միացած է Երասխի մէջ պարեկութեան` այդտեղ կացութիւնը գնահատելու համար: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:

Կալուզին Հայաստանի Դեսպանին Հետ  Քննարկած Է Արցախի Կացութիւնը

Կալուզին Հայաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Արցախի Կացութիւնը

26 յունիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին ընդունած է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը: Մանրակրկիտ «դիրքորոշումներու յստակացում» կատարուած է երկկողմանի օրակարգի արդիական հարցերու, Բերձորի միջանցքին մէջ եւ ընդհանրապէս Արցախի շուրջ կացութեան զարգացումներու վերաբերեալ: Վերահաստատուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակի խստիւ պահպանման...

Ազրպէյճանցիները Կրակ Բացին Գեղարքունիքի  Նորաբակ Գիւղին Ուղղութեամբ.  Հայ Զինուոր Մը` Նահատակուած

Ազրպէյճանական Մարտական Դիրքէ Կրակած Են Գիւղատնտեսական Աշխատանքներ Կատարող Քաղաքացիի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանական մարտական դիրքերէ 25 յունիսի ժամը 16:00-ի սահմաններուն մէջ հրաձգային տարբեր զինատեսակներով կրակած են Արցախի Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն գիւղի 22-ամեայ բնակիչ Միքայէլ Մեժլումեանի ուղղութեամբ, որ Միւրիշէնէն Աւդուռ տանող ճանապարհի ձախակողմեան հատուածի դաշտին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կ՛իրականացնէր: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն, կրակոցներուն հետեւանքով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները, ոչ ոք տուժած է: Հաղորդումը փոխանցուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

Page 228 of 796 1 … 227 228 229 … 796

Արխիւներ