Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ իր հրաժարականի դիմումը ներկայացուց Ազգային ժողովին:
«Ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 98-րդ յօդուածով՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կը ներկայացնեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն իմ հրաժարականս», դիմումինն մէջ գրած է Յարութիւնեան։
Արայիկ Յարութիւնեան նախանցեալ օր խոստացաւ 1 սեպտեմբերին հրաժարական տալ՝ նշելով, որ հեռանալու որոշումը բացառապէս իրենն է։
Հաւանական զարգացումներու պայմաններուն մէջ, Յարութիւնեանի ձեւակերպումով, մօտեցումներու փոփոխութեան կարիք կայ, իսկ ատոր համար Արցախի մէջ պէտք է հիմնական դերակատարները փոխուին։
Իր վերջին հրամանագիրներով Յարութիւնեան փոփոխութեան ենթարկեց պետական նախարարը եւ նորը նշանակեց. Գուրգէն Ներսիսեանի փոխարէն այդ պաշտօնին նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան։
Վերջերս փոփոխութեան ենթարկուած Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով՝ ռազմական դրութեան ժամանակ Արցախի նախագահին խորհրդարանը կ՛ընտրէ՝ խմբակցութիւններու առաջադրած թեկնածուներէն՝ «մինչեւ գործող նախագահի լիազօրութիւններու աւարտը նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու պարագային՝ ոչ շուտ, քան 7, ոչ ուշ, քան 10 օր յետոյ»։ Արցախի մէջ հիմա ռազմական դրութիւն է։ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ գործող նախագահի լիազօրութիւնների աւարտը, այսինքն՝ մինչև 2025 թուականը։


