Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք ընդգծած է Բերձորի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը եւ յայտարարած, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը ներառուած է 31 օգոստոսին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի օրակարգին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ես եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցս օրակարգին վրայ նաեւ ներառած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը: Այնտեղ մարդոց վիճակը աղէտալի է», ըսած է Պերպոք` Թոլետօ քաղաքին մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին մասնակցելու հասնելէն ետք:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յիշեցուցած է Արցախի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումներու մասին` շեշտելով մարդոց բնականոն կեանքին համար Բերձորի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը:
«Եւ այդ իսկ պատճառով մենք վճռական կոչով կը դիմենք Ազրպէյճանին եւ Ռուսիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, ի վերջոյ, պէտք է ստանայ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է կեանքի համար: Լաչինի միջանցքը պէտք է ազատ ըլլայ մարդասիրական օգնութեան համար», ընդգծած է Անալենա Պերպոք:
Ան նաեւ նշած է, որ արդէն քանի մը օրէ ի վեր կարծիքներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ ամերիկացի գործընկերներու հետ` երաշխաւորելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը վերջապէս ստանայ մարդասիրական օգնութիւն:


