Պաքուն տակաւին չէ արձագանգած խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ հայկական կողմի նոր առաջարկներուն, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին երէկ ըսած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:
«Իմ ունեցած տեղեկութիւններովս, տակաւին արձագանգ չկայ վերջին առաջարկին վերաբերեալ», նշած է Գրիգորեան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը օգոստոսի վերջին, կառավարութեան նիստի ժամանակ, յայտարարեց, որ Երեւանը ազրպէյճանական կողմին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագիրի նոր առաջարկները` այլ մանրամասնութիւններ չհրապարակելով: Ասիկա երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխանակուող հաւանական պայմանագիրի խմբագրումներու արդէն հինգերորդ տարբերակն է:
Յաջորդ օրը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը ո՛չ Երեւանէն ստացած առաջարկներու բովանդակութիւնը, ո՛չ ալ անոնց վերաբերեալ Պաքուի դիրքորոշումը բացայայտելով շեշտեց. «Հայկական կողմը եւ Հայաստանի վարչապետը նոր մրցանիշ մը սահմանած են` մեկնաբանութիւնները ուղարկելէ ընդամէնը 40 վայրկեան ետք մամլոյ համար յայտարարութիւն տարածած են: Ըստ իս, այս ամէնը յստակ ցոյց կու տայ, թէ կողմերէն ո՛վ շահագրգռուած է գործընթացին հանգուցալուծումով, եւ ո՛վ է նախապատուութիւն տուողը վերնագիրներուն եւ քաղաքական յայտարարութիւններուն»:


