Պաքուի Մէջ Յայտարարած Են Բերձորի Միջանցքով «Ծագումով Հայ Բնակիչներու Անցումը Շարունակելու Կարելիութեան» Մասին
14 յուլիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տրականա Քոժիչի հետ: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջեւ համագործակցութեան հարցերը, Բերձորի անցակէտին մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի Արցախի մէջ գործունէութեան հարցերը: «Քննարկումներու ընթացքին նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտարարած...




















