Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զանգեզուրի Միջանցքը Ծուարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք Տարազին Տակ

Նոյեմբեր 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին նախապայմանը ուղղուած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանուի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածուի Նախիջեւան-Ազրպէյճան հաղորդուղիի, կը կորսուի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզպէքիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածուի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ, Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք կամուրջի տարազին տակ:

Փաստօրէն թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը չէ հրաժարած թուրանական կամուրջի իր ծրագիրէն: Կամուրջ ոչ միայն Իրանի ճամբով, այլ` Հայաստանի: Նախապայմանային քաղաքականութեան արդի հանգոյցն է Սիւնիքը, որուն օգտագործումը թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Պաքուի համար հրամայական է:

Այս հանգուցակէտին միջտարածաշրջանային տարողութիւն հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահը, երբ ընդգծած, որ  մեծցած է  Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նշանակութիւնը, հետեւաբար պէտք է աշխատիլ, որպէսզի այդ հաղորդուղիները գործարկուին:

Անգարայի վարիչին բառերով նոր ձեւակերպում կը ստանայ այսպիսով սիւնիքեան կամուրջի կարգավիճակը: Սիւնիքը այս ձեւով կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապող խաչմերուկ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապին մասին խօսելէ ետք Էրտողան փաստօրէն հսկայական ոստումով անցում կը կատարէ տարածաշրջաններ իրար կապող հանգամանքին մասին խօսելով:

Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անգարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ: Խուսանաւումը օգտագործուած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կ՛օգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացուելիք ճանապարհներուն համար:

Կ՛արձանագրուի ուրեմն այն, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը կեդրոնանայ Սիւնիքին վրայ, առաջադրուած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային  ճնշում ապահովելու:

Այստեղ ուղերձներ կան թէ՛ Իրանին եւ թէ՛ Մոսկուային: Առաջինին պարագային ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի վրայով նոր կամ վերակառուցուելիք ճամբաները չեն փոխարիներ Սիւնիքի վրայով բացուելիք ուղիները, հետեւաբար Իրանը պիտի չունենայ ռազմավարական այդ կապը վերահսկելու մենաշնորհը: Իսկ Մոսկուան ալ պիտի իմանայ, որ միայն իր կողմէ պիտի չվերահսկուի համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այդ ճամբան: Յատկապէս Արեւմուտքը նաեւ հասցէագրելով իբրեւ այս ճանապարհի կարեւոր ուղղութիւն, Անգարան այս ձեւով ռուսական առանձնաշնորհումը կը չէզոքացնէ:

Միջանցքի կարգավիճակին նկատմամբ Թուրքիոյ կատարած ձեւախեղումները յարափոփոխ են, ինչպէս վերը նշուեցաւ: Փաստօրէն այս մասին Էրտողանը յայտարարած էր նաեւ Ասթանայի մէջ` «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» 10-րդ վեհաժողովին ժամանակ` մասնաւորապէս նշելով, որ Նախիջեւանը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող ուղիի իրականացումը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն  համար, այլ նաեւ անիկա կը կապէ Թուրքիան Կեդրոնական Ասիոյ հետ:

Ահա՛ բուն նպատակը, որ ծուարած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի տարազին տակ:

«Ա.»

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?