Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ Զինադադարի Մը Հաստատման Եւ Որոշ Թիւով Գերիներու Ազատ Արձակման Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Նոյեմբեր 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարեց. «Թել Աւիւի ոճիրներու շարունակման ժամանակը արագօրէն կը սպառի»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միակ օգուտը այն է, որ իսրայէլեան գոյացութեան հիմը աւելի թուլացուց եւ Կազայի մէջ կիներու եւ մանուկներու ջարդին ճամբով յստակօրէն ցոյց տուաւ սիոնական վարչակարգին բիրտ ու թշնամական ոճրային դէմքը», ըսաւ Ապտոլլահեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Պարպարա Լիֆ յայտարարեց. «Պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ զինադադարի հաստատումը Համաս շարժումի Կազայի մէջ կալանաւորած բոլոր գերիներուն անմիջապէս ազատ արձակումը չ՛երաշխաւորեր»:

Լիֆ քոնկրեսին մէջ լսումներէ ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ զինադադարը բոլոր գերիներուն «յաջորդ օրը» ազատ արձակումը կ՛երաշխաւորէ՞, ըսաւ. «Այդպիսի երաշխիքներ չկան»:

Մինչ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին ու պաղեստինեան դիմադրութեան միջեւ տարբեր ճակատներու վրայ բուռն բախումները շարունակուեցան, իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ պատրաստ է կռիւը դադրեցնելու, եթէ համոզուինք, որ Համասը գերիներու ազատ արձակման նկատմամբ լուրջ է»:

«Նիւ Եորք Թայմզ», յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, յայտնեց. «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնը կ՛օգնէ դիւրացնելու գերիներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւնները»` նշելով. «Բանակցութիւնները Համասի կողմէ շուրջ 15 գերիներու ազատ արձակման եւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի վրայ իր յարձակումները 3 օրով դադրեցնելու շուրջ է»:

«Քաթար միջնորդի դեր կը կատարէ, ինչպէս նախապէս կատարած էր գերիներու ազատ արձակման երկու նախորդ գործողութիւններուն ընթացքին», նշեց ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը:

Նշենք, որ Համասի մօտիկ աղբիւր մը չորեքշաբթի երեկոյեան յայտնած է. «Բանակցութիւնները 3 օրուան զինադադարի դիմաց 12 գերիներու, որոնց կէսը` ամերիկացիներ, ազատ արձակումի շուրջ է»:

Քասսամի ջոկատներու զինուորական բանբերը սակայն նշած էր. «Կը վերահաստատենք, որ միակ ուղին գերիներու ամբողջական կամ մասնակի փոխանակման համապարփակ գործարքն է»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», յղում կատարելով եգիպտացի պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի հետ իր հանդիպումի ընթացքին մերժած է Կազայի մէջ անվտանգութեան հսկելու առաջարկը:

Պըռնզ առաջարկած է, որ Համաս շարժումի պարտութենէն ետք, Եգիպտոս հսկէ Կազայի անվտանգութեան, մինչեւ որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը այդտեղ հասնի:

«Սիսի «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ Համասի վերջ տալուն մասնակից դառնալ, որովհետեւ Կազայի հետ իր սահմանին պաշտպանութեան համար կարիքը ունի այդ զինեալ խմբաւորումին», ըսած է օրաթերթի զրուցակիցը:

Պըռնզ կիրակի օր հասած էր Իսրայէլ: «Ճերուզալեմ Փոսթ» հաղորդած էր, որ ան նաեւ Քաթար, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս պիտի այցելէ:

«ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թաշքենտի մէջ Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիոյեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Աշխարհը պէտք է առաւել եւս բարձրացնէ իր ձայնը Իսրայէլի կողմէ Կազայի բռնագրաւման վերջ տալու համար»:

Ան նաեւ նշած է. «Պէտք է ձեռնարկուին արդիւնաւէտ քայլեր Իսրայէլը կանգնեցնելու համար»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ չ՛ուզեր յայտնուիլ համաշխարհային ընտանիքէն մեկուսացման մէջ, պէտք է ուշադիր վերաբերի միջազգային օրէնքի պահպանման»:

Անոր համաձայն, «Կազայի համատարած բռնագրաւումը չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին»:

Միշել նաեւ առաջարկած է խորհրդաժողով գումարել համաշխարհային ղեկավարներու մասնակցութեամբ` պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հարցը քննարկելու համար:

«Անհրաժեշտ է յառաջիկայ շաբաթներուն կազմակերպել միջազգային խորհրդաժողով», ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Ապու Մարզուք թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին յայտնեց. «Նախորդ արաբական պատերազմներուն ժամանակ «արաբական գործի» աջակցութեան համար քարիւղի արտածման արգելք կը հաստատուէր, մենք ատիկա լաւ գիտենք: Եւ այսօր կարելի է դադրեցնել քարիւղի մատակարարումները անոնց, որոնք կ՛օգնեն սիոնական գոյացութեան գոյութեան»:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն: «Պատերազմը ամբողջովին կը կառավարուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որոնք մեծագոյն արգելքն են զինադադարի ճամբուն վրայ: Զինադադարը կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն», նշեց Մարզուք:

Անոր համաձայն, Համասի նպատակը անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումն է: «Մենք ճամբայ ելած ենք մեր ժողովուրդի ազատութեան եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ պետութեան ստեղծման ապահովման համար», ընդգծեց Համասի ներկայացուցիչը:

Նախորդը

Պրազիլական Ոստիկանութիւնը «Յարձակումներ» Ծրագրող 2 Կասկածելիներ Ձերբակալած Է. Ըստ Մոսատի, Թիրախը Հրէական Համայնքն Էր, Իսկ Կազմակերպողը` Հըզպալլան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?