Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը Ծանր Է. ՀԱՊԿ-ն Պատրաստ Է Լարուածութիւնը Թուլացնելու» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

November 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը ծանր է:

ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու նիստի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

«Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող ծանր կացութեան` կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ ՀԱՊԿ-ի որոշման նախագիծը, որ ուղղուած էր շրջանին մէջ կացութեան լարուածութիւնը թուլացնելուն, եւ որ ցաւօք չընդունուեցաւ անցեալ տարուան նոյեմբերին, կը մնայ ուժի մէջ, եթէ համախոհութիւն ձեռք բերուի», ըսած է ան:

Թասմակամպեթովի համաձայն, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հարաւային սահմաններուն վրայ կը պահպանուի ահաբեկչական գործունէութեան, անօրինական գաղթի, զէնքի եւ թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան վտանգը:

«ՀԱՊԿ-ն կը ներկայացնէ տպաւորիչ հաւաքական ռազմաքաղաքական ներուժ եւրասիական տարածքին մէջ: Ուստի մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք միասնաբար ետ մղելու նոր սպառնալիքները եւ չէզոքացնելու շրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրները:

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը ձեզի կը հաւաստէ միացեալ աշխատելու եւ տեղեկատուութեան ու փորձառութեան փոխանակման իր պատրաստակամութիւնը:

«Այսօրուան մեր հանդիպումը, կը կարծեմ, ինքնին անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու լուծումներ գտնելու քայլերէն մէկն է», ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախորդը

Փաթրուշեւ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կարգաւորումը Կարելի Է Միայն Այն Պարագային, Երբ Արտաշրջանային Ուժերը Դադրին Միջամտել Տագնապին»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (9 Նոյեմբեր 2023)

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.