Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորումը կարելի է միայն այն պարագային, երբ արտաշրջանային ուժերը դադրին միջամտել տագնապին, իսկ Արեւմուտքի քայլերը առայժմ միայն կը սրեն կացութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ գործընկերներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ:
«Մենք շահագրգռուած ենք հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կացութեան կայունացումով, կայունութեան զարգացման համար պայմաններ ստեղծելու եւ փոխադարձ վստահութեան ու համագործակցութեան ամրապնդումով», վստահեցուցած է ան:
Այդ նպատակով, ըստ Փաթրուշեւի, Ռուսիան հետեւողականօրէն քայլերու կը ձեռնարկէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու համապարփակ լուծման ուղղութեամբ` ի շահ այդ երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման, սահմաններու սահմանազատման եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացման:
«Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատիկա կարելի է միայն արտաշրջանային ուժերու չմիջամտութեան պարագային: Արեւմտեան երկիրներու գործողութիւնները կը հրահրեն շրջանին մէջ կացութեան վատթարացման եւ կը նպաստեն այդտեղ հակասութիւններու պահպանման», ընդգծած է ան:
Փաթրուշեւ ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու տարեկան ժողովի բացման ընթացքին յայտնած է. «Հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ Ռուսիոյ մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Մոսկուա չէր մեկնած: