Ապտոլլահեան. «Շրջանին Մէջ Օտար Ուժերու Որեւէ Ներկայութիւն, Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Յաւելեալ Բարդացնող Ազդակ Է»
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 13 սեպտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի միջեւ օրեր առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան...




















