Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, որ նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ մնայուն ներկայացուցչութիւնն է, հրապարակած է ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողի հաղորդագրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու վիճակին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Լուրեր»-ը:
ՄԱԿ-ի մշակութային իրաւունքներու հարցերով յատուկ զեկուցողը Ազրպէյճանին ուղղուած հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնած է «հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակալի վայրերու եւ առարկաներու ոչնչացման եւ իւրացման շարունակական գործունէութեան, հայերու ներկայութեան հետքերը ջնջելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան կազմակերպուած վերաիմաստաւորման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ հայերուն նկատմամբ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի միջազգային չափանիշներու խախտումով իրականացուող ճնշումներու վերաբերեալ:
«Զիս յատկապէս կ՛անհանգստացնեն այն պնդումները, որ մարդոց, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշերու վրայ համակցուած յարձակումները, պատմութեան կեղծումը, տեղանուններու ջնջումն ու հայերու մասին բացասական խօսակցութիւնները կրնան վերածուիլ մշակութային զտումներու», ըսած է ՄԱԿ-ի զեկուցողը: