Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Կոչ Ուղղած Է

Նոյեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումները:

«Արմէնփրես»-ի Պրիւքսելի թղթակիցին համաձայն, զեկուցումները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Արցախի դէմ: Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման  տարեկան զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղուի կասեցնելու ուժանիւթի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, եւ հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի իրավիճակը դադրեցնելու նոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ:

«Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի անով, որ երկիրը էական յառաջընթաց արձանագրէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, որոնց շարքին` ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին մէջ», նշուած է զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումը կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ստեղծումը, որուն նպատակն է նպաստել շրջանին մէջ անվտանգութեան բարձրացման, կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական խորհուրդին աւելցնելու առաքելութեան կազմին մէջ տեղակայուած փորձագէտներու թիւը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները եւ աշխարհագրական շրջանակը, ինչպէս նաեւ երկարաձգելու անոր տեղակայման ժամկէտը եւս հինգ տարիով: Ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի թոյլ տալու նոյն առաքելութեան տեղակայումը իր տարածքին եւ Արցախի մէջ: Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու  ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան մասին: Զեկուցումին մէջ կոչ կ՛ուղղուի «նպաստելու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կողմերուն միջեւ յաւելեալ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան»:

Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումը իր կարգին կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը Արցախի հայութեան վրայ եւ կը պահանջէ պաշտպանել հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Զեկուցումը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն, որոնք լրջօրէն խոչընդոտուած են Արցախի դէմ վերջին ռազմական գործողութեան եւ տէ ֆաքթօ ցեղային զտումներուն պատճառով:

Նախորդը

Այսօր Իջեւանի Եւ Ղազախի Հատուածին Մէջ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման Յանձնախումբերու Հանդիպումը

Յաջորդը

Ակնարկ. Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?