Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կազայէն Արագ Ոստումը Դէպի Կոլան

Նոյեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որդեգրած բանաձեւը Իսրայէլէն պահանջելու, որ հեռանայ Կոլանի բարձունքներէն,  միջազգային ընտանիքի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ օղակն է: Բանաձեւը բնականաբար պարտադիր բնոյթ չունի, սակայն միջազգային ընտանիքի կեցուածքն է, որ կրնայ իբրեւ ճնշամիջոց, համապատասխան յղումով արծարծուիլ Թել Աւիւի նկատմամբ այս կամ այն պետութեան կողմէ, տարբեր առիթներու:

Մինչ Կազայի ուղղութեամբ կը սաստկանան զինադուլը տեւական դարձնելու ճնշումները: Կարճատեւ երկարաձգումները մարտավարական նշանակութիւն ունին այս պարագային, որովհետեւ հետզհետէ պարզ կը դառնայ, որ առաջադրուածը վերջնական հրադադարի մասին է:

Ուշագրաւը այն է, որ «պատերազմի շարունակութիւնը Համասի առաջադրածն է», կը յայտարարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Մինչ ամբողջ բանակցութիւնները կեդրոնացած էին Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի տեղի տայ զինադուլի պահանջներուն, գերիներու վերադարձի պայմանով: Կը թուի, որ խաղը շրջուած է, որովհետեւ Համասը կը ներկայացուի իբրեւ պատերազմը շարունակելու ծրագիրին կառչած կողմ, մինչ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը  կը հաղորդէր, որ մօտ օրէն բոլոր գերիներու վերադարձին դիմաց պատերազմը դադրեցնելու առաջարկ պիտի ներկայացուի:

Այստեղ արդէն ոչ թէ ժամանակաւոր հրադադարի մասին է խօսքը, ալ ընդհանրապէս պատերազմը դադրեցնելու: Եթէ այս պայմաններուն մէջ պատերազմը դադրի, ապա Իսրայէլի յայտարարած եւ խոստացած պայմանը կը վերափոխուի: Այս հաղորդումէն պարզ կը դառնայ, որ պատերազմի դադրեցումը պայմանաւորուած է ոչ թէ Կազայի համասազերծումով, այլ գերիներու վերադարձով:

Հետաքրքրականը այն է, որ պատերազմի դադրեցման տանող այս յայտարարութիւններու խորապատկերին վրայ կ՛արձանագրուի այս անգամ Կոլանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումի պահանջը: Միջազգային ընտանիքը կը թուի, որ արդէն անցած է երկրորդ օրակարգին:

Շղթայական օղակներու շարքը մեծ հաշուով հետեւեալն է: ՄԱԿ-ը նախ կ՛ազդարարէ զինադուլի հաստատում, իր ընդհանուր քարտուղարը պատասխանատուութեան առումով հաւասարութեան նշան կ՛օգտագործէ Համասի եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ, չ՛արդարացներ  իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, յետոյ ՄԱԿ-ը Իսրայէլի  դիրքորոշումը նկատի չ՛ունենար, ապա ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականը կը պահանջէ, որ անարձագանգ եւ անհետեւանք կը մնայ, իսկ հիմա Իսրայէլէն կը պահանջէ Կոլանէն իր ուժերը հեռացնել:

Քուէարկութեան պատկերը Կոլանին վերաբերող, աննախադէպ է  եւ միջազգային ընտանիքի որդեգրած վարքագիծի մասին բացայայտում կը կատարէ: Միացեալ Նահանգները կառչած կը շարունակեն մնալ Իսրայէլի դիրքորոշումներուն, միւս կողմէ կը հովանաւորեն յայտնապէս այս ընթացքը: Իսրայէլը ճնշելու միջազգային վարքագիծը:

Միջազգային մակարդակի վրայ կայ դիտարժան այլ կէտ: Կոլանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը կ՛ենթադրէ այդ բարձունքներուն վրայ սուրիական վերահսկողութեան վերադարձը: Թէեւ այդ մասին որեւէ բաժին չկայ բանաձեւին մէջ: Կոլանը ճանչցուած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Դամասկոսի վրայ ռուսական ազդեցութիւնը պարզ է: Միջազգային ընտանիքը ամէնէն խիստ բանաձեւերով, կեցուածքներով եւ գործնական քայլերով հանդէս կու գայ Մոսկուայի դէմ: Ընթացքի մէջ է Ռուսիոյ դէմ կիրարկուող միջազգային մեկուսացման քաղաքականութիւն: Հիմա աւելի կը կշռէ Իսրայէլի դէմ ճնշումը, քան ռուսական ազդեցութեան տակ գտնուող վարչակարգերն ու անոնց պատկանող տարածքները:

Մանրադիտակի տակ կու գան նաեւ այս առիթով հրապարակուող մեկնաբանութիւնները, որոնք կը յիշեցնեն, թէ Կոլանի բարձունքները մօտ 1800 քառակուսի քմ տարածք են, որ Սուրիոյ կազմին մէջ  էին մինչեւ 1967:

Այս թուականի յիշեցումը անմիջապէս կը կապուի միջազգային մակարդակի վրայ առաջ մղուող «Երկու պետութիւն, Երուսաղէմ մայրաքաղաքով եւ 1967-ի սահմաններով» բանաձեւին:

Իրադարձութիւնները գերարագ են: Կազան չաւարտած միջազգային ընտանիքը ոստում կը կատարէ դէպի Կոլան: Միջազգային օրակարգը ձեւակերպուած է արդէն: Համասի սանձազերծած աննախադէպ յարձակումը պատճառահետեւանքային այս տրամաբանութեան մէջ կրնայ տեղաւորուիլ:

«Ա.»

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Կոչ Ուղղած Է

Յաջորդը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?