Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի երկու օրով երկարաձգումը պիտի կատարուի նախկին նոյն պայմաններով, եւ իսրայէլեան բանտերէն անցնող չորս օրերու ընթացքին ազատ արձակուածներուն մօտաւոր թիւը 150 պաղեստինցի է»:
«Չորս օրերու ընթացքին Կազայի մէջ կալանաւորուածներէն ազատ արձակուածներուն մօտաւոր թիւը 69 է, եւ Կազայի մէջ 69 արգելափակեալի դիմաց իսրայէլեան բանտերէն 150 պաղեստինցիներ ազատ արձակուեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Դէպի Կազա օդային կամուրջի ծիրին մէջ 910 թոն օժանդակութիւններով բեռնաւորուած 27 օդանաւեր ուղարկեցինք»:
«Աշխատանք կը տանինք զինադադարի հասնելու, ապա մնայուն զինադադարի հասնելու համար քաթարեան միջնորդական դերակատարութիւնը ամրապնդելու, եւ կ՛ուզենք երաշխաւորել Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտք գործելուն շարունակութիւնը», շեշտեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` նշելով. «Համաձայնութեան մէջ առաջնահերթութիւնը կիներու եւ երեխաներու ազատ արձակումն է»:
«Երկու կողմերուն վերաբերող մարտահրաւէրներուն առնչուող միջնորդութեան մանրամասնութիւններուն մասին կարելի չէ խօսիլ, եւ մեր նպատակը Կազայի մէջ երկարատեւ մարդասիրական զինադադարի շուրջ համաձայնութեան հասնիլն է», աւելցուց ան:
Կազայի մէջ 5-րդ օրն ըլլալով շարունակուող զինադադարի պայմաններուն մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ երէկ հասաւ Քաթար:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն հաղորդումով անոր այցելութեան գլխաւոր նպատակը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ հոկտեմբերին գերեվարուած անձերու, ներառեալ շուրջ մէկ տասնեակ ամերիկացիներու ազատ արձակումն է:
«Սի.Էն.Էն.»-ի տեղեկութիւններով` Պըռնզ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ յառաջիկայ երկու օրերուն հանդիպում պիտի ունենայ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պառնիայի եւ Եգիպտոսի անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի հետ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ Մոսատի ղեկավարները Տոհայի մէջ պիտի քննարկեն Կազայի մէջ զինադադարին «յաջորդող փուլը»:
«Ուաշինկթըն Փոստ», յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Պըռնզ Քաթարի մէջ ժողովներ պիտի գումարէ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ընդլայնուած գործարքի հասնելու համար:
«Պըռնզ Համասի եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ ընդլայնելու համար անոնց բանակցութիւնները` ներառելու համար այր մարդոց ու զինուորականներու ազատ արձակումը», նշեց ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը:
Մոսատի ղեկավարը իր կարգին հանդիպում պիտի ունենայ Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ` հիմնուելով մարդասիրական զինադադարի համաձայնութեան մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքին վրայ հաւանական համաձայնութեան մը յաջորդող փուլին շուրջ յաւելեալ բանակցութիւններ կատարելու համար:
Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց. «Կազայի մէջ զինադադարի երկարաձգումէն ետք, Տոհա կը ջանայ վերջ տալ պատերազմին եւ քաղաքական լուծում գտնել»:
Պաղեստինեան խմբաւորումները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Կը գնահատենք եգիպտական ու քաթարեան դերակատարութիւնները եւ կոչ կ՛ուղղենք` Կազայի մէջ վայրագ պատերազմի ամբողջական դադրեցման: Եգիպտոսի մէջ մեր եղբայրներուն կոչ կ՛ուղղենք ընդունելու աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ, որոնք դարմանումի կարօտ ունին»:
«Մօտէն կը հետեւինք բռնագրաւումին կողմէ ժամանակաւոր զինադադարի խախտումներուն եւ կոչ կ՛ուղղենք զանոնք դադրեցնելու», շեշտեցին պաղեստինեան խմբաւորումները:
«Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրասայլեր Շէյխ Ռատուան թաղի եւ Կազայի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Շաթէ գաղթակայանին մերձակայքին դէմ կրակ բացած են:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ «թշնամիին զինադադարի համաձայնութեան բացայայտ խախտումին հետեւանքով հիւսիսային Կազայի մէջ տեղի ունեցաւ փոքր բախում, որուն հետ պատշաճ կերպով վարուեցանք»` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են զինադադարին, այնքան ատեն որ Իսրայէլ յանձնառու է, «եւ միջնորդներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ ճնշում բանեցնեն բռնագրաւումին վրայ, որպէսզի յանձնառու մնայ զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերուն»:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ իր զինուորներուն դէմ երեք ականներ պայթեցուած են, այդ պատճառով ալ շարք մը զինուորներ վիրաւորուած են:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարի երկարաձգումը` նշելով, որ անիկա պատերազմի դադրեցման յանգեցնող կարեւոր քայլ է:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք ողջունեց Համասի կողմէ 11 գերիներու, ներառեալ «գերմանացի երկու դերահասներու» ազատ արձակումը` նշելով, որ զինադադարի երկարաձգումը յոյսի նշոյլ մըն է:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս շաբաթ պիտի այցելէ Իսրայէլ, Այսրյորդանան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` Կազային յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, Համասի մօտ գտնուող բոլոր գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար ճնշում բանեցնելու համար:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալիեւի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստ է կռիւը շարունակելու, եւ «Զինադադարի օրերը կ՛օգտագործենք Համասի կազմալուծման համար կռիւի շարունակման պատրաստուելու եւ ծրագիրներ մշակելու համար»:
«Նախանձախնդիր ենք, որ (Իսրայէլի) հիւսիսային շրջանի բնակիչները անվտանգութեան աւելի լաւ ու աւելի կայուն կացութեան մը մէջ վերադառնան», յայտարարեց ան` նշելով. «Բանակն ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը 7 հոկտեմբերին ձախողեցան, սակայն այժմ ատով պէտք չէ զբաղինք»:
Իսրայէլի պատերազմի խորհուրդին մէջ նախարար Պենի Կանց երէկ յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի աւարտէն ետք պիտի վերսկսինք կրակ բանալ, պատերազմի խորհուրդը միասնակամ է, եւ մեր առջեւ այլընտրանք չունինք»:
«Պատերազմին մէջ յաջորդ փուլերուն կը պատրաստուինք` ընդլայնելու համար Կազայի մէջ գործողութիւնը», ըսաւ Կանց:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Քաթար գտնուող Մոսատի տնօրէնին հետ: Ան նաեւ զինուորական տեղեկահաւաքի բաժանմունք այցելութեան ընթացքին յայտարարած է. «Մենք ամբողջովին յանձնառու ենք մեր առաքելութեան` ազատ արձակել բոլոր գերիները, Համասը ոչնչացնել գետնին վրայ եւ անոր տակը, եւ երաշխաւորել, որ Կազան Իսրայէլին սպառնալիք պիտի չներկայացնէ»:
«Հաարեց» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հաստատած է, որ Կազայի դէմ պատերազմը սկսելէն ի վեր վիրաւորուած են 1000 սպաներ եւ զինուորներ, որոնցմէ 202-ը ծանրօրէն վիրաւորուած են: