Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Հայաստանի Զինեալ Ուժերուն Ոչ Մահաբեր Ձեւաչափի Աջակցութիւնը

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է իր շարունակական աջակցութիւնը 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագիրին հիման վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքներուն հիման վրայ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան վերաբերեալ ամփոփիչ հաղորդագրութեան մէջ:

«Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի 13 նոյեմբերի քննարկումներուն արդիւնքներով` Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պիտի ամրապնդէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը նաեւ հետաքրքրուած են ուսումնասիրել Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ազատականացման վերաբերեալ երկխօսութեան հաւանական մեկնարկի հեռանկարները:

Հանդիպումներու ընթացքին լրացուցիչ հաստատուած է անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը շարունակելու Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան փոխադարձ հետաքրքրութիւնը:

Մասնաւորաբար Եւրոպական Միութիւնը լրացուցիչ պիտի ուսումնասիրէ Եւրոպական խաղաղութեան շրջանակի միջոցով Հայաստանի զինեալ ուժերուն ոչ մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը:

Այցելութեան վերաբերեալ ազդարարուած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ներդրումներու համակարգման հարթակի մեկնարկը:

«Հարթակը պիտի միաւորէ Եւրոպական Միութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնն ու միջազգային ֆինանսական հաստատութիւնները, եւ պիտի օգնէ առաւել եւս մեծցնելու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներդրումները Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ, որուն միջոցով Հայաստանի մէջ արդէն պատրաստուած են մինչեւ 500 միլիոն եւրօ ծաւալի ներդրումներ: Հարթակի առաջին հանդիպումին ընթացքին ստորագրուած են երկու նոր ծրագիրներ», կը յայտնեն միութենէն:

Եւրոպական Միութեան Երեւան այցելած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, ՄԱԿ-ի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութեան Մէջ Յոյս Ունին, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Սահմանազատման Յանձնախումբերու Հանդիպումին Ընթացքին Փոխըմբռնման Կը Յանգին» Կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պետական Սահմանի Սահմանազատման Հարցերով Պետական Յանձնախումբերու Հանդիպում

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?