Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երէկ Զինադադարը 7-րդ Օրով Երկարաձգուեցաւ

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը հինգշաբթի օր եւս եւ նոյն պայմաններով երկարաձգուած է: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ կ՛աշխուժացնէ Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման հասնելու ջանքերը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին յայտարարեց. «7-րդ օրով` հինգշաբթի օր եւս զինադադարը երկարաձգելու համաձայնութիւն գոյացաւ»:

Համաս նաեւ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլ մերժած է զինադադարի երկարաձգման դիմաց 7 կիներ եւ երեխաներ, ինչպէս նաեւ այդ խումբին պատկանող 3 դիակներ յանձնել:

Քաղաքական աղբիւր մը Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ մօտ է ներկայ գործարքին ու զինադադարին վերջ տալուն»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին գրեց. «Իսրայէլի մէջ նախատեսութիւնները ցոյց կու տան, թէ վաղը Կազայի մէջ զինադադարին վերջին օրն է»:

Սակայն Իսրայէլի վարչապետի խորհրդատուն «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Զինադադարը պիտի երկարաձգուի ամէն օր, որ Համաս 10 կենդանի պատանդներ ազատ կ՛արձակէ»: Ըստ անոր, տակաւին Կազայի մէջ առնուազն 140 գերիներ կան:

Եգիպտոսի պետական տեղեկատուական ծառայութեան ղեկավարը իր կարգին յայտնեց. «Եգիպտոսի եւ Քաթարի մարդասիրական զինադադարը յաւելեալ երկու օրով երկարաձգելու նպատակով հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին»:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին յայտնած է, որ հարաւային Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելը կարեւոր է Համասը ոչնչացնելու Իսրայէլի նպատակի իրագործման համար: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իսրայէլեան հասարակական կարծիքը իսրայէլեան բանակի գործողութեան դադրեցումը պիտի չընդունի:

«Աքսիոս» նշեց, որ Պայտըն Նեթանիահուին ըսաւ է, որ մտահոգ է Կազայի հարաւին մէջ իսրայէլեան հաւանական գործողութեամբ, ինչպէս նաեւ նշած, որ Կազայի հիւսիսին մէջ Իսրայէլի գործելաոճը կարելի չէ հարաւին մէջ կրկնել:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին մէջբերելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը գրեց. «Իսրայէլ չի կրնար Կազայի հարաւին մէջ ընել այն, ինչ որ ըրաւ անոր հիւսիսին մէջ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չորեքշաբթի շուրջ կէս գիշերին հասաւ Թել Աւիւ` զինադադարի երկարաձգման եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտք գործելուն համար ճնշում բանեցնելու նպատակով:

Պլինքըն Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլի եւ Համաս շարժումի միջեւ զինադադարը իր արդիւնքը կու տայ` Կազայի մէջ կալանաւորուածներու ազատ արձակման եւ մարդասիրական օժանդակութեան (Կազա) մուտք գործելուն լոյսին տակ»` աւելցնելով. «Այս գործողութիւնը շատ կարեւոր է, եւ անոր շարունակուիլը կը յուսանք»:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ուժեղ կերպով կը զօրակցի Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին եւ «7 հոկտեմբերի դէպքերուն չկրկնուիլը երաշխաւորելու ձգտումին»:

«Ուրախ եմ, որ Կազայի մէջ ազատ արձակուած պատանդներուն շարքին ամերիկացի մը եւս կայ: Զինադադարը փաստեց պատանդներու ազատութեան ապահովման եւ Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու արդիւնաւէտութիւնը, եւ կ՛ուզենք, որ անիկա շարունակուի», յայտարարեց Պլինքըն:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Պլինքըն Նեթանիահուի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտած է Կազայի հատուածի հարաւային շրջանին մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու կարեւորութիւնը, եթէ պատերազմական գործողութիւնները շարունակուին:

Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Նեթանիահուի հետ հանդիպման ընթացքին Պլինքըն շեշտած է զինուորական որեւէ գործողութենէ առաջ հարաւային Կազայի մէջ մարդասիրական պէտքերու նկատառումի եւ քաղաքայիններու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը»: Պլինքըն Իսրայէլին յորդորեց որդեգրել բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` խուսափելու համար քաղաքայիններուն վնաս հասցնելէ:

Այս մէկը 7 հոկտեմբերին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեամբ սկսած Իսրայէլ-Համաս կռիւներու սկիզբէն ի վեր ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին Միջին Արեւելք 3-րդ եւ Իսրայէլ 6-րդ այցելութիւնն էր:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Պլինքընին յայտնեցի մինչեւ Համասի ոչնչացումն ու բոլոր առեւանգեալներու վերադարձը կռիւը շարունակելու մեր պատրաստակամութիւնը»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շեշտեց. «Մենք պաղեստինցի ժողովուրդին հետ զօրակցութեան միջազգային օրուան մէջ մեր պաղեստինցի եղբայրներուն կողքին կը կանգնինք, եւ իբրեւ Թուրքիա կը շարունակենք բռնագրաւումին ու բռնաճնշումին դէմ պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական պայքարին զօրակցիլ»:

«Մեծ ջանք կը թափենք դադրեցնելու պատերազմը, որ Կազայի մէջ քաղաքայինները կը թիրախաւորէ», յայտարարեց Ֆիտան:

«Չենք կրնար պաղեստինցի ժողովուրդը առանձին ձգել, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է տէր կանգնի իր իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւններուն», ըսաւ ան:

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Պաղեստինցի ժողովուրդի զօրակցութեան միջազգային օրուան առիթով կատարած իր ուղերձին մէջ յայտարարեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդի կեանքի եւ սեփական անկախ պետութիւն ստեղծելու իրաւունքը պէտք է իրականացուի որքան կարելի է շուտ:

«Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները պէտք է վերականգնուին ամէնէն կարճ ժամկէտի ընթացքին», գրեց ան:

Ճինփինկ ընդգծեց, որ տասնամեակներ շարունակուող պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին ցաւոտ դասը կը վկայէ, թէ միայն հասարակաց անվտանգութեան հայեցակարգը պիտի կարենայ օգնել հասնելու կայուն անվտանգութեան:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր կարգին հրապարակեց 5 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման մասին Չինաստանի դիրքորոշման:

Չինաստանը կոչ կ՛ուղղէ` արագօրէն դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, պաշտպանելու խաղաղ բնակիչները: Փեքին կողմնակից է «Երկու պետութիւն երկու ժողովուրդներու համար» ծրագիրին վերադառնալուն եւ 1967-ի սահմաններով ու Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման:

Երուսաղէմի Մէջ Յարձակում

Երէկ առաւօտեան Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցան վրայերթի եւ հրացանաձգութեան երկու դէպքեր, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան 3 մահեր եւ 11 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակները ինքնաշարժով հասած են Երուսաղէմի փոխադրակառքերու կայարան եւ «Էմ 16» տիպի հրացանով կրակ բացած այդտեղ գտնուողներուն վրայ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախնական հետաքննութեան համաձայն, գործողութիւնը երկակի էր` վրայերթի երկու գործողութիւն եւ կրակոց:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակները երկու եղբայրներ են` 38 տարեկան Մուրատ Նըմըրն ու 30 տարեկան Իպրահիմ Նըմըրը, որոնք Երուսաղէմի հարաւը գտնուող Սուր Պահեր գիւղէն են եւ իսրայէլեան բանտերէն ազատ արձակուած Համասի անդամներ: Անոնք սպաննուած են:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը յայտարարեց, որ զոհերու շարքին է Աշտոտի ռաբբիական դատարանի նախագահ ռաբբի Իլիմալեք Ուասըրմանը:

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ գործողութեան հեղինակները Համասի անդամներ են, եւ «շարժումը մեզի հետ երկու լեզուով կը խօսի, եւ պէտք չէ այդ մէկը արտօնենք»:

«Իսրայէլացիներուն կոչ կ՛ուղղեմ իրենց զէնքը կրելու», շեշտեց իսրայէլացի ծայրայեղ աջակողմեան նախարարը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն իր կարգին յայտնեց. «Համաս շարժումի Երուսաղէմի, Կազայի, Այսրյորդանան եւ ամէնուր գտնուող բոլոր զինեալները մեռելներու շարքին են, եւ պիտի շարունակենք իսրայէլացիներուն զէնք բաշխելը»:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցի մը Յորդանանի հովիտին մէջ գտնուող «Պաաքութ» անցարգելին վրայ իսրայէլացի զինուորներ վրայերթի ենթարկելով անոնցմէ երկուքը վիրաւորած է: Ան զինուորներուն կողմէ սպաննուած է:

Նախորդը

Սիարի. «Սիոնական Գոյացութիւնը Կազայի Մէջ Պատերազմի Ընթացքին Իր Ուժերը Հարաւային Կովկասէն Ետ Կանչեց»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?