Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը
Մեծ քսանեակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպման մասին խօսիլը կանխահաս նկատեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսելու, տակաւին որոշում չէ տրուած: Մենք իրօք երախտագիտութեամբ կ՛ընդունինք այդ սիրալիր հրաւէրը, կը գնահատենք զայն, բայց եւ այնպէս անիկա պէտք է սերտուի, անկէ ետք համաձայնեցուի, եւ պիտի տրուի համապատասխան որոշում»,...




















