Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի դէմ նոր մեծ հարուածներ շղթայազերծելու որոշումը յետաձգեց յառաջիկայ տարուան, մինչ նախապէս նշած էր, որ այդ որոշումը Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք պիտի տայ:
Թրամփ Չինաստանէն Ուաշինկթըն ուղեւորութեան ժամանակ իր օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան Իրանի վրայ նոր յարձակումներու շղթայազերծման հաւանականութեան մասին հարցումին պատասխանելով նշեց. «Շատ աղէկ, ձեզի հետ այդ մասին պիտի խօսիմ տարեվերջէն ետք»:
«Բաւարար ժամանակ ունինք», աւելցուց ան:
Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լէյթեր «Նիուզ Մաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Իրանի դէմ որեւէ զինուորական նոր գործողութեան մէջ Միացեալ Նահանգներուն միանալու` երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան մակարդակը որակելով «աննախադէպ»:
Լէյթեր ըսաւ, որ Թեհրանի զանգուածային քանդումի զէնք ձեռք բերելու ձգտումը Իսրայէլի համար «գոյութենական վտանգ» մըն է` նշելով, որ Թեհրան կրնայ Իսրայէլի դէմ քիմիական կամ կենսաբանական զէնք օգտագործել, եթէ զայն ձեռք ձգէ` աւելցնելով, որ այդպիսի գործողութեան մը ծրագրաւորումը կրնայ գործադրութեան վերջնական որոշումը տալէ առաջ ամիսներ տեւել:
Իսրայէլի դեսպանը նշեց, որ իրանեան կառավարութեան պարտութիւնը պիտի տկարացնէ շրջանին մէջ անոր դաշնակիցները, որոնց շարքին` Համասն ու հուսիները:
Ան ըսաւ, որ ամերիկացի զինուորները Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց ընտանիքներուն պիտի վերադառնան, «երբ Իրանը պարտութեան մատնուի»` աւելցնելով, որ անիկա «պարտութեան պիտի մատնուի»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իսրայէլի դեսպանին ամերիկացի զինուորներուն իրենց ընտանիքներուն վերադարձի մասին յայտարարութեան անդրադառնալով նշեց. «Չէինք գիտեր, թէ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանը ամերիկեան բանակի գերագոյն հրամանատարն է»:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Մոհամետ Իսմայիլ Քաուսարի Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` Արեւմտեան Ասիայէն հեռանալու եւ շրջանէն 12 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող աշխարհագրական տարածք վերադառնալու:
Քաուսարի իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները այլեւս անկարող դարձած են Իրանը դիմակայելու:
Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ ու լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Թրամփ Իրանի դէմ լայնածաւալ զինուորական նոր հարուածներու նոր փուլ շղթայազերծելու ծրագիրներ կ՛ուսումնասիրէ:
Ըստ օրաթերթին, Թրամփ տակաւին այդ առնչութեամբ որոշում չէ տուած, մինչ անոր վարչակազմին մէջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին հետախուզական տեղեկութիւններու հաւաստիութեան եւ նոր յարձակումի մը շղթայազերծման օգուտին շուրջ:
«Նիւ Եորք Թայմզ» աւելցուց, որ Սպիտակ տան ղեկավարը շատ զգայուն է այն քննադատութիւններուն նկատմամբ, թէ Միացեալ Նահանգները պատերազմին մէջ իրողապէս պարտուած են:
Իսրայէլէն չեղող դիւանագիտական պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած է, որ Իրանի դէմ ամերիկեան հարուած մը այլեւս պարզապէս հաւանականութիւն չէ, այլ ժամանակի հարց, եւ անորոշը անոր ժամկէտն ու տարողութիւնն է:
Ըստ պաշտօնատարին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր խումբէն պահանջած է պատրաստել շարք մը ընտրանքներ, որոնց նպատակը Թեհրանի վարչակարգը այնքան մը տկարացնելն է, որ այլեւս անկարող կ՛ըլլայ մերձակայ պետութիւնները վտանգելու:
Ան աւելցուցած է, որ այդ նպատակի իրագործման տեւողութիւնը կրնայ առաջարկուած ընտրանքներէն մէկուն ընտրութեան գլխաւոր ազդակը ըլլալ:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Հաքիմ Ճեֆրիզ «Էմ.Էս. Նաու» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ պատերազմին վերջ տալը, Թրամփի հաստատած մաքսատուրքերը դադրեցնելն ու առողջապահական համակարգը բարեփոխելը յունուարին Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը ստանձնելնէն ետք դեմոկրատականներուն առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան:


