Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի անկախութեան 83-ամեակին առիթով Նահր Քալպի մէջ դրօշի բարձրացման արարողութեան ընթացքին պատկերասփռուած ուղերձ մը յղելով յայտնեց. «Ես եկայ, որպէսզի անկեղծօրէն խօսինք հայրենիքի ներկային մասին: Այս ժայռերը, որոնք ականատես եղած են բռնագրաւողներու անցման եւ հեռացման, մեզի կը յիշեցնեն մէկ ճշմարտութիւն. բոլոր անոնք, որոնք այստեղէն անցած են, հեռացած են, եւ Լիբանանը կը մնայ: Սակայն Լիբանանի միայն գոյատեւումը բաւարար չէ: Ազգը կը չափուի ոչ միայն դիմանալու ունակութեամբ, այլ նաեւ իր երեխաներուն համար ապրելու արժանի ապագայ ապահովելու ունակութեամբ»:

«Այստեղէն` Անկախութեան տօնին առիթով, պէտք է մենք մեզի հարց տանք. արդեօք մենք լիբանանցիներու համար իրագործեցի՞նք այն պետութիւնը, որուն անոնք արժանի են: Պատասխանը, անկեղծօրէն, հետեւեալն է` ոչ, ոչ տակաւին: Մենք չենք կրնար անկախութիւնը տօնել այնպէս, կարծէք գերիշխանութիւնը լիակատար է, քանի տակաւին մեր հողը բռնագրաւումի տակ է, մեր ժողովուրդը տակաւին ամբողջութեամբ չէ վերադարձած իր տուները, եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը տակաւին միայն պետութեան ձեռքը չէ», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Մենք չենք կրնար խօսիլ վստահութեան վերականգնման մասին, քանի տակաւին քաղաքացիները չեն կրնար վերականգնել իրենց կեանքի խնայողութիւնները, երիտասարդները իրենց ապագան հայրենիքէն դուրս կը փնտռեն, իսկ ընտանիքները չեն գիտեր վաղը ինչպէ՛ս դիմաւորել: Ասիկա պատկերը չէ այն անկախութեան, որ մենք կ՛ուզենք: Այս իրականութեան ճանաչումը անոր փոփոխութեան առաջին քայլն է», ըսաւ ան:

«Լիբանանի անկախութեան այլընտրանքը չկայ, եւ Լիբանանը իր պետութենէն այլ երաշխաւոր չունի», յայտարարեց Աուն:

«Այսօր կանգնած ենք ճակատագրական փորձութեան առջեւ: Մեր անկախութեան ամբողջացումը այսօր կը բախի երկու հիմնական ու փոխկապակցուած ազդակներու. մեր հողերու որոշ հատուածներու իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ մեր գործերուն արտաքին միջամտութեան, մասնաւորաբար իրանեան վարչակարգին մէջ կարգ մը ազդեցիկ թեւերու կողմէ` զէնքի եւ Լիբանանի պետութեան իրաւասութենէն դուրս որոշումներու միջոցով», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

«Երկու ճգնաժամ: Ես ըսի եւ կը կրկնեմ, փոխկապակցուած եւ իրարմէ կախեալ: Իւրաքանչիւրը միւսը կը նշէ, իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործէ եւ միաժամանակ պատրուակ կու տայ: Երկու պարագային ալ գինը Լիբանանը կը վճարէ: Յատկապէս հարաւային Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը, որ 1969 թուականէն ի վեր սերունդէ-սերունդ կը վճարէ իրերայաջորդ պատերազմներու գինը», աւելցուց ան:

«Մենք ամբողջովին կը գիտակցինք այս իրականութեան` առանց զարդարելու կամ աղաւաղելու, եւ քանի որ գիտենք, թէ անիկա որքան վտանգաւոր է մեր ժողովուրդին եւ մեր հողին, հետեւաբար` ամբողջ ազգին համար, մենք որդեգրած ենք փրկարարական ծրագիր, որ հիմնուած է երկու խնդիրներու միաժամանակեայ եւ փոխկապակցուած լուծման վրայ: Ոչ մէկ բռնագրաւում, երբեք եւ յաւիտեան: Եւ պետութենէն դուրս ոչ մէկ զէնք, որ հրամաններ կը ստանայ կամ կը ծառայէ օտարերկրեայ տէրութիւններուն, որոնք ալ ըլլան այդ տէրութիւնները: Այս է մեր ազգային նախագիծի էութիւնը: Եւ ասիկա այն դիրքորոշումն է, որ մեզ կ՛ենթարկէ երկու հակադիր կողմերու յարձակումներուն», ըսաւ Աուն:

«Մեր ժողովուրդի բնաջնջումը անկարելի է: Ես կ՛ըսեմ անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ բռնագրաւումի շարունակութիւնն ու ուժի կիրարկումը կրնան անվտանգութիւն ապահովել. բռնագրաւումը անվտանգութիւն չի ստեղծեր, իսկ ոչնչացումը` խաղաղութիւն: Հիմա հեռացէ՛ք, եւ մենք մեր անվտանգութեան, մեր սահմաններու կայունութեան ու մեր ամբողջ հողին նկատմամբ լիակատար գերիշխանութեան միակ վստահելի երաշխիքն ենք», յայտնեց նախագահ Աուն` աւելցնելով. «Ասիկա մեր միջազգայնօրէն ճանչցուած հարաւային սահմաններուն վրայ անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու եւ այնտեղ խաղաղ իրավիճակ զարգացնելու միակ հաստատ ուղին է` իբրեւ շրջանին մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութիւն վայելող որեւէ հետագայ քայլի պարտադիր նախապայման»:

«Միւս կողմէ, մենք նմանատիպ արշաւի կ՛ենթարկուինք` պաշտօնատարներու, շահագրգիռ կողմերու եւ Լիբանանի գործերուն իրանեան միջամտութեան առնչակից ուժերուն կողմէ, որովհետեւ մենք նոյնպէս անոնց դէմ կանգնեցանք յստակ եւ ուղղակի դիրքորոշումով. պետութեան վերահսկողութենէն դուրս զէնքի դարաշրջանը աւարտած է: Անոնք նախորդ ժամանակաշրջանին իրենց նպատակին ծառայած են` բերելով զոհողութիւններ եւ նուաճումներ: Այնուհետեւ, աւելի ուշ փուլին, անոնք ուժասպառ ըրած են իրենց համակիր զանգուածը, իրենց ժողովուրդը եւ իրենց երկիրը` ծանր կորուստներ պատճառելով անոնց եւ մեզի: Այժմ, անոնք բացայայտօրէն կը ծառայեն ոչ լիբանանեան նպատակներու, պէտք է ատիկա ընդունիք, եւ պէտք է ձեր զէնքերը յանձնէք», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

«Լիբանանեան բանակն է, որ ձեզ կը պաշտպանէ` առանց ձեր համայնքը, շրջանը կամ պատկանելիութիւնը հարցնելու», ընդգծեց նախագահ Աուն:

«Ոչ մէկ սահմանադրական իրաւունք պիտի սասանի, եւ Ազգային ուխտի ոչ մէկ փոխըմբռնում պիտի խաթարուի: Ոչ մէկ խմբակի ազատութիւնը պիտի խախտի: Մենք զիրար պիտի պաշտպանենք: Մենք պիտի ուժեղանանք մեր միասնութեան միջոցով: Մենք պիտի չփնտռենք որեւէ արտաքին կողմի աջակցութիւնը հայրենիքին մէջ մեր գործընկերոջ դէմ», աւելցուց ան:

Ան խօսքը ուղղելով «Լիբանանի մէջ իրանեան միջամտութեան պատասխանատուներուն»` ըսաւ. «Մենք կը յարգենք իրանցի ժողովուրդն ու անոր քաղաքակրթութիւնը, եւ Իրանի, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններու հետ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի յարաբերութիւններ կ՛ուզենք: Սակայն պետութիւններուն միջեւ բարեկամութիւնը անոնցմէ մէկուն կողմէ միւսի որոշումին միջամտելու իրաւունք չի տար: Այն, ինչ որ ձեր երկրին համար չէք ընդունիր, մի՛ պահանջէք, որ Լիբանանը իր երկրին համար ընդունի: Այս հիմամբ, փորձեցինք ապահովել ամբողջ աշխարհի զօրակցութիւնը մեր այն տեսակէտին, թէ իր շրջանին ու աշխարհին համար անհրաժեշտ, կենսական ու ճակատագրական եղող Լիբանանի փրկութիւնը միայն բռնագրաւումի եւ անհաւասարակշռութեան միաժամանակեայ եւ փոխկապակցուած լուծման միջոցով է»:

«Կը մերժենք, որ Լիբանանը իսրայէլեան եւ իրանեան ծրագիրներէն որեւէ մէկուն պատանդը ըլլայ: Երկրէն ներս թէ դուրս լիբանանցիներու պառակտման վրայ գրաւ դնողներուն կ՛ըսեմ` ձեր հաշիւներուն մէջ մի՛ սխալիք», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահը:

«Այսօր Լիբանանի մէջ կայ յստակ եւ հաստատ լիբանանեան մեծամասնութիւն, որ ամէնէն կարեւորը` անդրհամայնքային եւ անդրշրջանային է, որ պետութիւնն ու անկախութիւնը կ՛ուզէ, եւ կը մերժէ բռնագրաւումն ու տիրապետութիւնը: Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան վերականգնման ուղին ունի արաբական ու միջազգային աջակցութիւն, որովհետեւ Լիբանանի անվտանգութիւնը հիմնարար նշանակութիւն ունի մեր շրջանի եւ աշխարհի անվտանգութեան համար: Սակայն մենք չենք ուզեր խնամակալութեան մէկ ձեւը մէկ ուրիշով փոխարինել, ոչ ալ ենթակայութեան մէկ ձեւը` մէկ ուրիշով: Մենք Լիբանանի համար կ՛ուզենք բարեկամներ, եւ ոչ թէ անոնք, որոնք անոր որոշումներ կը թելադրեն», շեշտեց ան:

«Դիւանագիտութիւնը անձնատուութիւն չէ, բանակցութիւնը իրաւունքներէ զիջում չէ, եւ խաղաղութիւնը արժանապատուութեան չի հակասեր: Ուժը միայն պատերազմներ մղելու կարողութեամբ չի չափուիր, այլ նաեւ անոնց դիւանագիտութեան ճամբով վերջ տալու քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ, մանաւանդ երբ ժողովուրդդ է, որ անոնց գինը կը վճարէ: Սակայն դիւանագիտութիւնը անվերջ սպասել չի նշանակեր, ո՛չ ալ` իրողական վիճակը ընդունիլ: Անիկա ամբողջական իրաւունքներու վերականգնման ուղի է, որ կը վայելէ աջակցութիւնը լիբանանեան միասնական դիրքորոշման, պետութեան կարողութեան եւ մեր արաբական ու միջազգային յարաբերութիւններուն: Լիբանանը որեւէ մէկուն խաղաքարտը պիտի չըլլայ: Լիբանանը հայրենիք մըն է, որ կեանքի, գերիշխանութեան ու խաղաղութեան իրաւունքը ունի», ըսաւ ան:

«Լիբանանցիներու անվտանգութեան երաշխաւորումը զէնքերու եւ որոշումներու բազմազանութեամբ չ՛ըլլար, այլ մէկ պետութեամբ, մէկ բանակով, օրինական մէկ իշխանութեամբ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ: Բանակն ու ապահովական մարմինները Լիբանանի պաշտպանութեան զինուորական օրինական երաշխիքն են, եւ պետութիւնը այն շրջագիծն է, որ կ՛ապահովէ իր բոլոր զաւակներուն անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», յայտնեց նախագահը:

«Ո՜վ լիբանանցիներ, անկախութենէն 83 տարիներ անցած են, եւ տակաւին նոյն պայքարը կը մղենք. Լիբանանը իր հողին վրայ գերիշխան եւ որոշումներուն մէջ ազատ ըլլալու պայքարը, սակայն պատմութիւնը մեզի մէկ բան սորվեցուցած է. չկայ բռնագրաւում մը, որ կը գոյատեւէ, չկայ հոգատարութիւն մը, որ կը գոյատեւէ, չկայ ուժ մը, որ ժողովուրդին կամքը կրնայ յաւիտեանս խլել: Փաստեցինք, թէ ժողովուրդ մըն ենք, որ կը գոյատեւէ: Ժամանակն է, որ փաստենք, թէ կարող ենք կառուցել պետութիւն մը, որուն հետ անոր զաւակներու իրաւունքները կը գոյատեւեն», եզրափակեց նախագահ Աուն:

 

 

Նախորդը

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

RelatedPosts

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով  Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Կը Վերահաստատեն Ամբողջական Գերիշխանութեամբ  Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութիւն Ունեցող  Լիբանանին Իրենց Աջակցութիւնը»
Լիբանանեան

Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Կը Վերահաստատեն Ամբողջական Գերիշխանութեամբ Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութիւն Ունեցող Լիբանանին Իրենց Աջակցութիւնը»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.