ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պիլալ Էրտողանի վերջերս Լիբանան կատարած այցելութեան վերաբերեալ հրապարակեց «Յիշողութեան, արժանապատուութեան եւ չմոռնալու պարտաւորութեան մասին» խորագիրը կրող արաբերէն հաղորդագրութիւն մը: Ստորեւ հաղորդագրութեան թարգմանութիւնը.
«Լիբանանը յիշողութեամբ կերտուած երկիր մըն է: Անոր լեռներն ու գիւղերը տակաւին իրենց մէջ կը պահեն 1915-1918 թուականներու Մեծ սովի պատմութիւնը: Այդ տարիներուն, կանխամտածուած շրջափակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը սովամահութեան մատնեցին Լեռնալիբանանի բնակչութեան մեծ մասը: Ամբողջ ընտանիքներ անհետացան, իսկ գիւղեր ամայացան: Լիբանանցի մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը այս պատմութիւնները սերունդէ-սերունդ փոխանցեցին, որպէսզի ժողովուրդը երբեք չմոռնայ հպատակեցման գինը:
«Այսօր ականատես կ՛ըլլանք տեսարաններու, որոնք իրաւացի հարցադրումներ կը յառաջացնեն, եւ լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է պատասխաններ ստանալու:
«Լիբանանի պատասխանատուները ի՞նչ պաշտօնական հանգամանքով կ՛ընդունին պետական պաշտօն չունեցող անձեր, պարզապէս իրենց հայրերուն ինքնութեան պատճառով: Ե՞րբ ընտանիքի ծագումնաբանութիւնը սկսաւ փոխարինել դիւանագիտական արարողակարգն ու պետութեան արժանապատուութիւնը:
«Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցուի լիբանանցի ժողովուրդին` իր հաստատութիւններուն արժէքին եւ անոնց գերիշխանութեան մասին:
«Ինչպէ՞ս կրնան Լեռնալիբանանի մէջ սովամահ եղածներուն ժառանգորդները այսքան դիւրութեամբ իրենց դռները բանալ անոնց առջեւ, որոնք տակաւին կը ժխտեն անցեալի ոճիրները եւ կը մերժեն զանոնք ճանչնալ:
«Արդեօք Լիբանանի յիշողութիւնը այնքա՞ն կարճ դարձած է, որ այլեւս չի յիշեր իր ժողովուրդին ապրած սովը, կամ այն ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով հարիւր հազարաւոր վերապրողներ ապաստան գտան իր ափերուն:
«Եւ վերջապէս, արդեօք Լիբանանը, որ մայիս 6-ը ընդհանուր նահատակներու նուիրուած յիշատակման օրէն վերածած է «մամուլի նահատակներու» յատուկ յիշատակի օրուան, դէպի ազատ, գերիշխան եւ արժանապատիւ ապագա՞յ կ՛ուղղուի, թէ՞ կը վերադառնայ մութասարիֆութեան ժամանակաշրջան:
«Մինչ ոմանք կը նախընտրեն մոռնալ իրենց պատմութիւնը, մենք չենք մոռնար: Հաստատ կը մնանք մեր սկզբունքներուն, մեր նահատակներուն յիշատակին եւ ճշմարտութեան: Մեզ առաջնորդողը վրէժխնդրութիւնը չէ, այլ արդարութիւնը, ճանաչումն ու արժանապատուութիւնը:
«Լիբանանի մայրաքաղաքն իսկ այս յանձնառութեան յստակ օրինակը տուաւ: Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ վերջերս պաշտօնապէս բացուեցաւ նահատակ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անունը կրող փողոց մը:
«Ա՛յս է մեր ճանչցած եւ հաւատացած Լիբանանը. Լիբանան մը, որ կը յարգէ իր նահատակները, կը պահպանէ իր յիշողութիւնը եւ իր արժանապատուութիւնը չի փոխանակեր անցողիկ ժեստերու հետ:
«Լիբանանի Հայ դատի մարմինը պիտի շարունակէ պաշտպանել պատմական ճշմարտութիւնն ու արդարութեան դատը: Լիբանանի պատասխանատուներուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու իրենց ժողովուրդին յիշատակը եւ հայ ու լիբանանցի նահատակներուն զոհողութիւնները»:


