ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բաց նամակ յղեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյին` «խոր հիասթափութիւն» յայտնելով վերջինիս մասնակցութենէն` Ազրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած դէպի բռնագրաւուած Արցախ այցելութեան: Բաց նամակին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան խստօրէն կը դատապարտէ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը Պաքուի բեմադրուած ցուցադրութեան` նշելով. «Ինծի համար` իբրեւ Եւրոպական Միութեան 13 անդամ պետութիւններուն մէջ յանձնախումբեր...




















