Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, թէ իր չին պաշտօնակիցին հետ հիանալի անձնական յարաբերութիւն ձեւաւորած է:

«Նախագահ Շին եւ ես հիանալի անձնական յարաբերութիւններ ձեւաւորած ենք: Որոշ մարդիկ կը դժգոհին, երբ ատիկա կը լսեն, սակայն ես շատ ուրախ եմ ատոր համար», յայտարարեց Թրամփ:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց չին ղեկավարին անհաւանական ջերմ ընդունելութեան համար եւ զինք շնորհաւորեց Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովի կայացման կապակցութեամբ:

Թրամփ աւելցուց, որ Շի Ճինփինկէն խնդրած է, որ Փեքինը ամերիկացի հողագործներուն համար աւելին ընէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ երկու կողմերը համաձայնած են Հորմուզի նեղուցին ճամբով քարիւղի հոսքի երաշխաւորման անհրաժեշտութեան շուրջ` վստահութիւն յայտնելով, որ հանդիպումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Թրամփ նշեց, որ մտադիր է չին նախագահին հետ քննարկել Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու կարելիութիւնները, եւ այդ թղթածրարը աւելի ուշ պիտի քննարկուի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին:

Սպիտակ տան նախագահը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները Թայուանի անկախութեան չ՛աջակցիր:

Շի իր կարգին նշեց, որ չին-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ կայուն են եւ կը բարելաւուին, ինչ որ շօշափելի օգուտներ բերած է երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ աշխարհի վրայ կայունութիւն ու որոշակիութիւն հաստատած:

«Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է ամրապնդեն իրենց միջեւ հաղորդակցութիւնն ու համակարգումը արհեստական բանականութեան ապահովութեան վրայ ներկայացուցած վտանգներէն պաշտպանուելու եւ արհեստական բանականութեան տեւաբար մարդկութեան վերահսկողութեան տակ մնալը երաշխաւորելու համար», ըսաւ Չինաստանի նախագահը:

«Պատրաստ ենք ձեզի հետ աշխատանք տանելու չին-ամերիկեան յարաբերութիւնները դէպի ճիշդ ուղի ուղղորդելը շարունակելու համար», նշեց Շի:

Նախորդը

Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են Ուքրանական Հակամարտութիւնը»

Յաջորդը

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են  Ուքրանական Հակամարտութիւնը»
Միջազգային

Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են Ուքրանական Հակամարտութիւնը»

November 20, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.