Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիստին առաջարկ յղեց ընդդիմութեան: Այդ առաջարկը ընդհանուր առումով իր պաշտօնավարման աւարտի պատկերացումին մասին է եւ ունի երկու հաւանական տարբերակ:

Առաջին. եթէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը հանրաքուէով մերժուի, անձամբ ինք հրաժարական կու տայ վարչապետի պաշտօնէն: Իսկ եթէ ընդունուի, ապա յառաջիկայ ընտրութիւններուն ինք չ՛առաջադրուիր իբրեւ վարչապետի թեկնածու:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այսպիսով գերնպատակի կը վերածուի այսօրուան մեծամասնական ուժին համար: Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ այս ամբողջ իշխանափոխութիւնը, նոր ուժի յայտնութիւնը, քաղաքականութեան արմատական փոփոխութեան վերջին փուլը Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:

Այն վերագրումները, ածականներն ու բնութագիրները, որ վարչապետը կ՛արտայայտէ այսօրուան Սահմանադրութեան մասին, կը մատնեն զայն անպայման փոխելու բացարձակ որոշումը: Կեղծուած, ընտրակեղծարարներու կողմէ հրամցուած, հակապետական կոչելով իրաւական գերագոյն փաստաթուղթը` վարչապետը պահ մը կը մոռնայ պաշտօնի ստանձնման պահուն իր կատարած երդումը. «Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ զարգացման` երդւում եմ բարեխղճօրէն կատարել կառավարութեան անդամի պարտականութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, ծառայել հանրային շահին, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ սահմանադրական կարգի ամրապնդմանը եւ գործել ի շահ ներկայ ու ապագայ սերունդների»:

Պէտք չկայ տրուած երդումին եւ այսօրուան յայտարարութիւններուն ու առնուած քայլերուն միջեւ հսկայական հակասութիւնները ընդգծելու:

Կատարուած առաջարկը, նոյնիսկ պաշտօնէ հրաժարումի խոստումով իրականացնելու հրապարակային յանձնառութիւնը, եթէ պահ մը ընդունինք, որ հաւաստի է, ապա կը մտածենք առաքելութեան մը աւարտի այս ձեւով ազդարարման մասին: Դեր մը կատարած ըլլալու, Հարաւային Կովկասի քարտէսին մէջ կարեւոր կէտ մը մէկ ազդեցութենէն միւսը փոխանցած ըլլալու իրողութեան մասին` եթէ ընդունինք այն տեսութիւնը, որ այս բոլորը միայն ներհայաստանեան գործընթացներ չեն:

Առաջարկը ամբողջ սահմանադրական մեծամասնութիւն ապահովելու մասին է, դիմացը խոստանալով պաշտօնէ հեռացում: Գերնպատակը ոչ թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է, այլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան նախապայմանի ընդառաջումը, արգելակումի վերացումը: Շարունակենք ընդունիլ, որ վարչապետը իրօք պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն երկու արդիւնքներուն ալ պարագային. մէկը` անմիջականօրէն, միւսը` յառաջիկայ ընտրութիւններու նախաշեմին: Այս չի նշանակեր անշուշտ քաղաքական վարքագիծի փոփոխութիւն: Երբ կ՛ըսուի, որ «խօսքը անձամբ իր մասին է», այդ կ՛ենթադրէ գլխաւոր դէմքի փոփոխութիւն, բայց ո՛չ քաղաքականութեան:

Պահ մը շրջանցելով դէմքի փոփոխութեան խնդիրը, յենինք ժողովրդային կամքին կառչած մնալու սկզբունքին վրայ: Այս իշխանութիւնները անվերջ կը խօսին ժողովուրդին անունով: Նոյն ժողովուրդը վերջին ընտրութիւններուն իր կամքը արտայայտեց, գործող մեծամասնութեան չտալով այնքան քուէ, որպէսզի կարենայ փոխել Սահմանադրութիւնը: Այսինքն, ժողովուրդը մերժեց Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Հիմա առաջարկ կ՛ըլլայ գործարքով` «տուէք քուէ, ստացէք հրաժարական» առաջարկով, ընդդէմ ժողովրդային կամքին: Աւելի՛ն. հակառակ ընդդիմութեան կողմէ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու դիմումին, այս իշխանութիւնները մնացին կառչած արձանագրուած արդիւնքներուն եւ ստանձնեցին խորհրդարանական մեծամասնութեան հիման վրայ միանձնեայ կառավարութիւն կազմելու լիազօրութիւնները:

Վարչապետը կ՛ահազանգէր, որ եթէ սահմանադրական մեծամասնութիւն չունենայ իր իշխանութիւնը, ապա, ամսաթիւ նշելով, սեպտեմբերին, Հայաստանին կը սպառնայ մեծ պատերազմ: Հիմա կ՛ազդարարուի, որ եթէ չփոխուի Սահմանադրութիւնը, ապա չի կնքուիր խաղաղութեան պայմանագիրը, հետեւաբար կը վերադառնայ պատերազմի ուրուականը:

Հիմա, ըստ էութեան, անձնապէս հեռանալու խոստումով վարչապետը կ՛առաջարկէ հեռացնել Անկախութեան հռչակագիրը Սահմանադրութենէն: Առաջարկը ունի թաքուն բաժին անշուշտ. եթէ խորհրդարանին մէջ քուէներու գործարք չկատարուի, կայ հանրային ճնշումի երկրորդ ծրագիրը: Այդ ալ չյաջողելու պարագային, կայ արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու ընտրանքը: Վարչապետին խոստումը պաշտօնէն հեռանալու պարագային կը փոխուի այդ պարագային: Առաջարկը բացառապէս կը վերաբերի խորհրդարանական անհրաժեշտ քուէի գոյացման: Եթէ ընդդիմութիւնը չմիանայ իշխանութեան` Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար հանրաքուէ կազմակերպելու որոշումը կայացնելու համար, ապա կը վերանայ նաեւ հրաժարականի խոստումը:

Մինչ այդ գերադասելին, ժողովուրդին ընտրութիւններով արտայայտած կամքն է. չփոխե՛լ Սահմանադրութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 20 Նոյեմբեր 2026)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 20, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.