Երէկ հրապարակուեցաւ Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը: Նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ ամէնէն քննարկուած ու աղմկայարոյց փոփոխութիւնը նախաբանն է, ուր չկայ յղում Անկախութեան հռչակագիրին: Գործող Սահմանադրութեամբ հայ ժողովուրդը «մայր օրէնքն ընդունում է Անկախութեան հռչակագրում հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքների ու համազգային նպատակների հիմքով»: Նորին մէջ ոչ թէ հայ, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդն է, որ Սահմանադրութիւն կ՛ընդունի` յանուն պետականութեան յարատեւութեան եւ զարգացման: Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներու շարքին ալ աւելցուած է խաղաղութեան ապահովումը:
Եթէ գործող Սահմանադրութեամբ Հայաստանը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային, իրաւական պետութիւն է, ապա առաջարկուող նախագիծին մէջ աւելցուած է մէկ բառ` աշխարհիկ:
Գործող Սահմանադրութիւնը կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ տեսք ունին պետական խորհրդանիշները` դրօշը եւ զինանշանը, ուր Արարատ լերան առկայութեան շուրջ ալ բազմաթիւ քննարկումներ կան:
Այս մասով նոր նախագիծը, ի տարբերութիւն գործողի, պետական խորհրդանիշները, ներառեալ զինանշանը չի նկարագրեր, փոխարէնը կը նշուի, որ անոնք կ՛ընդունուին հանրաքուէով:


