Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտարարեց, թէ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները Չինաստանի մէջ ռուս-չին-ամերիկեան վեհաժողովին ներկայ պիտի չըլլան, որովհետեւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորումով զբաղած են:
Նշենք, որ այսօր Չինաստանի Շինժին քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Տանըլտ Թրամփի եւ Շի Ճինփինկի վեհաժողովը:
«Անշուշտ, այստեղ (ԱՓԵՔ-ի վեհաժողովին մէջ, «Ա.») Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հանդիպումին նկատմամբ մեծ եւ ուժեղ հետաքրքրութիւն կայ, եւ շատեր զայն պատմական կարեւորութիւն ունեցող խորհրդանշական իրադարձութիւն կը նկատեն, որովհետեւ այս երեք պետութիւնները կրնան միացեալ կերպով աշխարհաքաղաքականութեան մէջ կարեւոր հարցեր ճշդել», ըսաւ Տմիթրիեւ:
Փութին իր կարգին ԱՓԵՔ-ի ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թրամփի եւ Շիի հետ սպասուող եռակողմ հանդիպումէն «հաւանական մեծ օգուտներ կը նախատեսէ»:


