Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակումի պահու ընտրութիւնը կը թուի, որ պատահական չէ: Փաստաթուղթը հաւանաբար բաւական ժամանակէ ի վեր պատրաստ էր, սակայն հրապարակումը, վարչապետի ուղերձը, ԹՐԻՓՓ-ի առաջին տարուան լրացումը, այդ առիթով գործնական աշխատանքներու մեկնարկը եւ անշուշտ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը ամփոփուած են մէկ օրուան մէջ:

Այս բոլորի համատեղումը միայն երեւանեան որոշումով կարելի չէ բացատրել: Այս բոլորը մէկ ամբողջութիւն պէտք է նկատել` հետեւցնելու համար, որ կայ աշխարհաքաղաքական որոշում` տարածաշրջանի ապաշրջափակման օրակարգի շղարշին տակ ամբողջ տարածաշրջանի իրավիճակը հիմնական փոփոխութեան ենթարկելու:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այս բոլորին մէջ, իբրեւ թէ, դուրս պիտի բերէ այն բոլոր արգելքներն ու վտանգները, որոնք իբրեւ սպառնալիք կը յամենան Հայաստանի դիմաց` պատերազմի վերսկսման առիթը բաց պահելով:

Պէտք է դարձեալ ճշդել, որ Անկախութեան հռչակագիրը իբրեւ հակամարտածին նկատելը բոլորովին կեղծ օրակարգ է: Նախ խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած տարբերակին մէջ կայ յատուկ կէտ, որ կը խօսի կողմերուն իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալու մասին` թէ՛ այժմեան եւ  թէ՛ հետագայի կտրուածքներով: Յատուկ կէտով ալ կը ճշդուի, որ կողմերը չեն կրնար յղում ընել ներքին օրէնսդրական փաստաթուղթերուն` իրարու նկատմամբ պահանջներ ներկայացնելու համար: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնար նաեւ Սահմանադրական դատարանի հաստատումը, որ եթէ Անկախութեան հռչակագիրէն որեւէ բաժին չէ մէջբերուած սահմանադրութեան մէջ, ատիկա կը նշանակէ, որ իրաւադրոյթի համազօր չի կրնար սեպուիլ:

Այս բոլոր պարզաբանումները նշելէ ետք, պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Պաքուն ըստ էութեան նախապայման կը դնէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ թէ ինչո՛ւ Երեւանի իշխանութիւնները կ՛ընդառաջեն Պաքուի պահանջին: Աւելի քան պարզ է, որ նախապայմանը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար այս հարցով չ՛աւարտիր: Բազմաթիւ նախապայմաններ անդադար կը համալրեն այդ շարքը:

Խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն առաջ կը մեկնարկէ ԹՐԻՓՓ-ի առաջին փուլը: Ասիկա աւելի կը ճնշէ կողմերուն վրայ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը պարզապէս արարողակարգ է, որ պիտի կայանայ արդէն իսկ խաղաղութեան ծրագիրի փուլերու գործարկումէն ետք:

Երեւանի թոյլ տուած սխալները այս բոլորին մէջ այն է, որ եթէ կայ աշխարհաքաղաքական ներգրաւուածութիւն այս ծրագիրները իրականացնելու, ապա խաղաղութեան ենթահողի պատրաստութեան նախապայմանային կէտերէն են հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացումը եւ ռազմագերիներու վերադարձը: Չկան այս երկու հիմնական իրականացումները, կայ Պաքուի պահանջը (պահանջները) եւ կայ հայկական կողմի ընդառաջումը: Հիմա ալ առանց այս բոլորին` ԹՐԻՓՓ-ի առաջին փուլի գործարկման մեկնարկը:

Աւելորդ չ՛ըլլար յիշելը, որ գործող Սահմանադրութեան մշակման օրերուն, իւրաքանչիւր կէտ Երեւանը համաձայնեցուցած էր Վենետիկի յանձնաժողովին կողմէ, որ ուրիշ մարմին չէր, եթէ ոչ ըստ էութեան Եւրոպական Միութեան հետ համակարգման քաղաքականութիւն վարող երկիրներու սահմանադրութիւններու եւ եւրոպական իրաւադրոյթներու հետ համընկնեցող իրաւագէտներու խումբը: Այդ իրաւագէտները, կամ նո՛յն Եւրոպան վստահաբար կը գիտակցէր, որ իր կողմէ վաւերացուող սահմանադրութիւնը հակամարտածին չէր կամ պատերազմի սպառնալիք չէր պարունակեր իր մէջ:

Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը կեղծ օրակարգ է: Կը ծառայէ ոչ թէ Հայաստանի յարատեւման, փոխհակակշռման, Սահմանադրութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու կարգախօսին: Հիմնականը այս բոլորին մէջ այն է, որ գործող Սահմանադրութիւնը «կեղծ քուէներով որդեգրուած է այլ պետութեան ծառայող վարչակարգի օրերուն եւ հիմա պէտք է ազատագրուի անկէ ու դառնայ գերիշխան Հայաստանի իրական անկախութիւնը պաշտպանող գերագոյն փաստաթուղթ»:

Հիմա ԹՐԻՓՓ-ի եւ նախագահ Թրամփի ուղերձին հետ համատեղելով Սահմանադրութեան նոր նախագիծի հրապարակումը` Երեւանը իր արտաքին քաղաքականութեան շրջադարձին մասին է, որ հրապարակային յանձնառութիւն կը կատարէ: Մնացեալը` կեղծ օրակարգերու սպասարկող նիւթեր են:

Առ ի յիշեցում. ցիւրիխեան արձանագրութեան օրերուն, գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու փաղանգը ստորագրող կողմերու ետին կանգնած էր: Պատկերը կը համոզէր, որ աշխարհը կը պարտադրէ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը: Արդիւնքը` «ՈՉ»-ի շարժումին յաջողութիւնն էր:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.