Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը յաջողին խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, ատիկա պիտի կայունացնէ շրջանը. ատկէ պիտի շահինք նաեւ մենք` Եւրոպայի մէջ: Այս մասին իր ինսթակրամեան էջին վրայ գրած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ:

«Երեւանի մէջ կը զգացուի, թէ որքան մեծ ու համարձակ քայլ կատարած է Հայաստանի կառավարութիւնը` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ: Հարաւային Կովկասի այս երկիրը կ՛ապրի ժողովրդավարութեամբ եւ այժմ կարելիութիւն ունի իր ետեւ ձգելու տասնամեակներու հակամարտութիւնները: Գերմանիան կ՛ուզէ աջակցիլ այս հարցին, այդ իսկ պատճառով ես այդտեղ էի: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը յաջողին խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, ատիկա պիտի կայունացնէ շրջանը: Ատկէ պիտի շահինք նաեւ մենք` Եւրոպայի մէջ, օրինակ` դէպի Ասիա եւ Ասիայէն աւելի պարզեցուած մատակարարման շղթաներու միջոցով:

«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ զրոյցի ընթացքին խօսք եղաւ նաեւ մեր երկու երկիրներու ուղղակի յարաբերութիւններուն մասին: Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ռազմավարական օրակարգով մենք կ՛ուզենք խորացնել մեր համագործակցութիւնը տնտեսութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ, եւ արդէն իսկ ատիկա կ՛ընենք:

«Լայփցիկի եւ Երեւանի միջեւ նոր քոյր-քաղաքներու գործընկերութիւնը նոյնպէս կը վկայէ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ շատոնց ձեւաւորուած սերտ կապի մասին: Մենք կը կառուցենք ատոր հիման վրայ: Յաջորդ տարի մենք պիտի նշենք մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 35-ամեակը եւ պիտի խորացնենք մեր համագործակցութիւնը:

«Մենք կանգնած ենք Հայաստանի կողքին, երբ խօսքը կը վերաբերի անոր գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն եւ իր գործընկերները` օրինակ` Եւրոպական Միութիւնը, ինքնուրոյն ընտրելուն: Մենք պիտի շարունակենք միասին քննարկել նաեւ ուժանիւթային անվտանգութեան հարցերը, յատկապէս` յառաջիկայ ձմրան ընդառաջ», գրած է Վատեֆուլ:

Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նախապէս, իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր Երեւան եւ Պաքու իր առաջին այցելութենէն առաջ նշած էր, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները պէտք չէ խոչընդոտեն Եւրոպայի հետ մերձեցումը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն, որոնց համար պատերազմներու եւ բռնութեան դարաշրջանը յաղթահարելու պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է:

«Հարաւային Կովկասի մէջ մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան կը փորձէ պահպանել իր ազդեցութիւնը` մարդոց ու անոնց ապագային հաշուոյն: Սակայն Ռուսիոյ դրացիներու` Եւրոպայի հետ մերձեցման հարցը պէտք չէ որոշուի Մոսկուայի մէջ: Ճիշդ այդ պատճառով կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ինքնուրոյն որոշեն իրենց ապագան: Եկած է անոնց ձայնին ականջ տալու եւ անոնց շահերը հաշուի առնելու ժամանակը», նշած էր գերմանական դիւանագիտութեան պետը:

Վատեֆուլ մատնանշած էր Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը եւ Մոսկուայէն հնչող հետզհետէ աւելի անթաքոյց սպառնալիքները:

Անոր գնահատմամբ` այս բոլորը «յստակ հասկնալ կու տան, որ նախագահ Փութինը չ՛ուզեր տեսնել գերիշխան պետութիւններու վրայ հիմնուած եւրոպական կարգ, որուն պարագային իւրաքանչիւր երկիր ինք կ՛որոշէ իր ճակատագիրը»:

Հարաւային Կովկասին կը պատկանին Ազրպէյճանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը: Վատեֆուլի համաձայն, այս շրջանը այժմ կ՛ապրի բեկումնային պահ եւ ունի պատերազմներու, բռնութեան ու տեղահանութիւններու տասնամեակները վերջնականապէս յաղթահարելու պատմական կարելիութիւն:

«Այն, ինչ որ երկար ժամանակ գրեթէ աներեւակայելի կը թուէր, տեսանելի ապագային մէջ հասանելի դարձած է: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան այս կարելիութենէն պէտք է օգտուիլ», ըսած էր նախարարը:

Ան նշած էր արիութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, որոնք դրսեւորած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Վատեֆուլ յիշեցուցած է, որ 2025 թուականին անոնք նախաստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը:

«Այժմ գլխաւորը վստահօրէն յառաջ շարժիլն է», ըսած էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Անոր համաձայն, Գերմանիան պատրաստ է այս գործընթացին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար ըլլալու վստահելի գործընկեր եւ բարեկամ:

Վատեֆուլ խոստացած էր Պաքուի եւ Երեւանի մէջ քննարկել, թէ Պերլին ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ լարուածութեան նուազեցման եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը վստահութիւն յայտնած էր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու բաց սահմանները օգուտ պիտի բերեն ոչ միայն անոր բնակիչներուն, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպային:

 

 

Նախորդը

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

Յաջորդը

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
webconference-Mardig-Cholakian-&-Razmig-Haroun
Այլազան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.