Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վանս. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Ուաշինկթընի Համար Հերթական Ձգձգուող Հակամարտութիւն Պիտի Չդառնայ»

November 18, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի դէմ պատերազմը Ուաշինկթընի համար հերթական ձգձգուող հակամարտութիւնը պիտի չդառնայ, ամերիկեան իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն, որ այս դիմակայութիւնը եւս երկու տարի շարունակուի: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս:

Ան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք ամերիկացի ժողովուրդին ըսած ենք, որ այլեւս պիտի չներքաշուինք անվերջանալի պատերազմներու մէջ: Այո՛, նախագահը անհրաժեշտ նկատած է ոչնչացնել Թեհրանի հիւլէական ծրագիրը, եւ այո՛, իրանեան հիւլէական ծրագիրը Միացեալ Նահանգներու համար սպառնալիք կը ներկայացնէ: Սակայն մենք պիտի չարտօնենք, որ Իրանի հետ այս հակամարտութիւնը վերածուի 10 կամ 15 տարուան պարտաւորութեան, կամ, անկեղծօրէն, նոյնիսկ երկու տարուան»:

«Մենք այնտեղ յաւերժ պիտի չմնանք: Մենք խոստացած ենք, որ ատիկա պիտի չընենք: Եւ ես բացարձակապէս վստահ եմ, որ նախագահը մեզ ասկէ դուրս պիտի բերէ հիանալի արդիւնքներով», աւելցուց Վանս:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «պիտի վճարէ սուղ գին մը, որ նախապէս որեւէ պետութիւն չէ վճարած», եթէ Ուաշինկթընի սպառնալիք ներկայացնէ:

Նախապէս ամերիկացի պաշտօնատարներ ու լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էին, թէ հետախուզական տեղեկութիւններ ցոյց կու տան, որ Իրան ծրագիր կը մշակէ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «կեղտոտ ռումբ»-ի կամ քիմիական զէնքի օգտագործումով թիրախաւորելու համար:

Պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ամերիկացի պաշտօնատարները տակաւին կը գնահատեն Իրանի այս ծրագիրը գործադրելու կարողութիւնն ու մտադրութիւնը:

Աղբիւրները նշած են, որ Թեհրան ներկայ փուլին կ՛ուզէ իր ընտրանքները բաց պահել, եւ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները անմիջական յարձակումի մը կամ գործադրութեան վերջնական որոշումի մասին չեն վկայեր:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ սպառնաց ամերիկեան ռազմակայաններուն մօտ գտնուող ջուրի ամբարտակներն ու ելեկտրական ենթակառոյցները թիրախաւորել, եթէ Իրանի մէջ ամբարտակները յարձակումի ենթարկուին:

Ան ըսաւ, որ յաջորդ փուլին քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորման պատրաստութիւն կը տեսնուի` մատնանշելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջբերած փորձագէտները, ըստ որոնց, «իրանեան հրթիռներու դիրքերուն մօտ գտնուող ամբարտակները երկակի կիրարկման համար են»:

«Շատ աղէկ, ահա ձեզի նոր կանոն մը. ամերիկեան եւ իսրայէլեան ռազմակայանի մօտ գտնուող որեւէ ամբարտակ, նաւահանգիստ կամ ելեկտրակայան եւս երկակի օգտագործման համար են: Ձեր նոյն տրամաբանութիւնը բոլորին վրայ պիտի գործադրենք համակարգուած ու արդար կերպով», աւելցուց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի նշեց, որ Իրանի ամբարտակներուն եւ անոր հրթիռներու կայաններուն միջեւ կապի մը գոյութեան մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ երկրի կենսական ենթակառոյցները թիրախաւորելու համար ապահովական պատրուակներ ստեղծելու փորձ մըն են:

Պաղայի աւելցուց, որ քաղաքային կառոյցներուն զինուորական դիրքերու մօտ ըլլալը չ՛արդարացներ զանոնք օրինական զինուորական թիրախներ նկատելը, եւ այդ փաստարկը որակեց «չարամիտ մոլորութիւն», որուն նպատակը քաղաքային ենթակառոյցներու դէմ յարձակումները օրինականացնելն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի լուրջ խախտումները բնականոնացնելն է:

Ան շեշտեց, որ Իրան գիտէ ինչպէ՛ս որեւէ թշնամական արարքի հակադարձել` այդպիսի յարձակումի մը պարագային «անմոռանալի հակադարձութիւն մը» խոստանալով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Օմանի սուլթանին ներկայացուցած է վերջին զարգացումները, ներառեալ պատերազմին վերջ տալու իրանեան դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Արաղչի ընդգծած է, որ իր երկիրը դիւանագիտութեան որդեգրման նկատմամբ լուրջ տրամադրուած է:

Ան նշած է, որ Իրան վճռական որոշումներ որդեգրած է` պաշտպանելու իր հողային ամբողջականութիւնն ու ազգային շահերը:

Արաղչի շեշտած է, որ շրջանի պետութիւնները իրենց առաւելագոյն ջանքը պէտք է թափեն հասարակաց շահերը պաշտպանելու եւ շրջանային անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար:

Նախորդը

Թրամփ. «Հաւանաբար Չինաստանի Մէջ Հանդիպինք Քիմ Եոնկ Ունի Հետ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Այցելութիւններ Եւ Ընդունելութիւններուն Տարբերութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Այցելութիւններ Եւ Ընդունելութիւններուն  Տարբերութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Այցելութիւններ Եւ Ընդունելութիւններուն Տարբերութիւնը

November 18, 2026
Թրամփ. «Հաւանաբար Չինաստանի Մէջ  Հանդիպինք Քիմ Եոնկ Ունի Հետ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հաւանաբար Չինաստանի Մէջ Հանդիպինք Քիմ Եոնկ Ունի Հետ»

November 18, 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան  Վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի  Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը
Գաղութային

Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վերաբերեալ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Հաղորդագրութիւնը

November 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.