Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իրաքեան «Տուժլա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր կարեւորագոյն հարցերէն մէկը մէկ կողմէ լիբանանցի ժողովուրդին ու անոր պետութեան միջեւ, իսկ միւս կողմէ պետութեան եւ արաբական ու միջազգային հասարակութեան միջեւ վստահութեան վերականգնումն է: Պէտք է աւելի մեծ ջանք թափենք: Փոխարէնը փափաքինք, որ մեր արաբ եղբայրները աւելի մեր կողքին կանգնին»:
Նախագահ Աուն շեշտեց. «Պահանջուած առաջին քայլը հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացումն է: Եւ վնասուած շրջաններու վերաշինութեան համար ուսումնասիրութիւնները ունինք»:
«Հըզպալլայի հետ ուղղակի եւ անուղղակի հաղորդակցութիւններու ընթացքին կը փորձենք ընդգծել, թէ զէնքը այլեւս օգտակար չէ, եւ պետութիւնն է, որ բոլորը կը պաշտպանէ: Մենք անոր հետ կը խօսինք եւ զայն կը հրաւիրենք մեզի հետ խօսելու` անոր զէնքին խաղաղ լուծման հասնելու համար», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն` հանրապետութեան նախագահը յայտնեց. «2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ փուլերուն կը սպասենք, սակայն ատոնք իսրայէլեան կառավարութեան կազմութեան կը սպասեն: Ընդհանուր կերպով կը շեշտեմ, թէ դիւանագիտութեան որդեգրումէն զատ այլընտրանք չունինք, բանակցութիւնները զիջում չեն, եւ բանակցողը պէտք է գիտնայ իր աշխատանքը ինչպէս կատարել, խստութեան ու ճկունութեան պահերը գնահատել»:
Աուն դէմ արտայայտուեցաւ զինաթափման Իսրայէլի կողմէ ստուգման` ընդգծելով, որ անընդունելի է, որ ոեւէ մէկը խախտէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ լիբանանեան բանակի դերը: «Ով որ կ՛ուզէ ստուգել, կրնայ դիմել միջազգային խումբի (արաբական կամ եւրոպական), սակայն ատիկա չի կրնար իսրայէլեան ըլլալ, որովհետեւ անընդունելի է, որ անիկա միաժամանակ հակառակորդ ու դատաւոր ըլլայ», աւելցուց ան:
Նախագահը բացատրեց, որ Իրանի հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու ձգտումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու վրայ: «Այն, ինչ որ Իրանը իրեն համար չ՛ընդունիր, չեմ կրնար Լիբանանի համար ընդունիլ», յայտարարեց ան:
Նախագահը նշեց, որ Լիբանան չ՛ընդունիր, որ զինք Սուրիոյ սպառնալու համար օգտագործեն, եւ հակառակն ալ ճիշդ է: Ան լաւագոյն յարաբերութիւններու կը ձգտի, եւ հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին` Աուն նշեց. «Ցաւօք, այդ զէնքը այլեւս Լիբանանի պաշտպանութեան համար չ՛օգտագործուիր, այլ միայն շրջանային ծրագիրներու պաշտպանութեան համար»:
«Զինուորական տեսանկիւնէն, Կազայի մեր աջակցութենէն ի՞նչ օգտուեցանք: Մենք չկրցանք անոնց օգնել կամ դադրեցնել անոնց դէմ պատերազմը, փոխարէնը մենք մեզ ոչնչացուցինք եւ պատերազմը բերինք մեր սեփական հողը: Իսկ 2026 թուականին ինչպէ՞ս օգնեցինք Իրանին, եւ անոնց ի՞նչ զինուորական օգուտ բերինք: Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ: 2023 թուականի պատերազմէն ետք մենք ունէինք շուրջ հինգ բլուրներ, որոնք իսրայէլացիներուն կողմէ գրաւուած էին, եւ քանի մը աւերուած սահմանային գիւղեր: Այսօր հարաւային Լիբանանի մեծ մասը գրաւուած է, բոլոր գրաւուած գիւղերը ամբողջովին աւերուած են, եւ մենք Իրանին թիկունք կանգնելով որեւէ զինուորական արդիւնքի չենք հասած: Այսպէս, կը հարցնեմ.«Ինչո՞ւ տեղի ունեցան այս երկու ճակատամարտերը: Անոնք չծառայեցին Լիբանանին, ընդհակառակը` անոնք անոր վրայ բեռ դարձան», յայտնեց նախագահ Աուն:


